Կը Կայանայ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան §Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի, §Արի Տուն» Եւ §Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրները Համակարգող Յանձնաժողովի Նիստը
Ապրիլ 17-ին ժամը 16:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետի որոշմամբ ստեղծուած` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2014 թուականի §Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան §Արի տուն» եւ §Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը (Հասցէ` §Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, §Էրեբունի» սրահ):
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են ծրագիրներու իրականացման նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:
Միջգերատեսչական յանձնաժողովին ընդգրկուած են ՀՀ արտաքին գործոց, տարածքային կառավարման, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, պաշտպանութեան, առողջապահութեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու, քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան գլխաւոր վարչութեան, ոստիկանութեան, քաղաքապետարանի, ինչպէս նաեւ երեւանամերձ Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Կոտայքի մարզպետարաններու ներկայացուցիչներ: