Փոքրիկները Եւ Մայրիկները` Մայրիկներու Համար

Մոսկուայի  Հայորդաց տան մէջ Աւետման տօնը նշուեցաւ կրթօճախի ամենակրտսեր տարիքային խումբի սաներու օգնութեամբ: Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը որոշուած էր շնորհաւորել հէնց մանկան շուրթերով, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրի ծնունդով ձեռնարկին ներկայ կանայք զգացած էին մայրութեան բերկրանքը եւ հաւատացած, որ իրենց զաւկի ընտրած ուղին աստուածահաճոյ պէտք է ըլլայ:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ, նախապատրաստական դասարանի դասղեկ Ալվինա Յովհաննիսեան յատուկ քայլ մը կատարած էր.  Ան փոքրիկներուն բեմ  հանած էր զոյգերով` մայրերու’ հետ: Այլապէս որո՞ւ պէտք է փոքրիկները դիմէին` երախտագիտութեան ու նուիրումի գեղեցիկ խօսքերը: Սակայն մայրերն ալ իրենց հերթին որոշած էին հայ դասականներու բանաստեղծութիւններով շնորհաւորել դահլիճին մէջ ներկայ միւս մայրերուն: Իսկ շնորհաւորանքները «համ ու հոտ կը ստանային» մանուկներու կատարած երգով ու պարով:

Ձեռնարկին  կ’ուղեկցուէր Լենա Բեգլարեանի անզուգական կատարումները:  Չնայած անոր հեղինակային «Մօրս ձեռքերը» երգը արդէն իսկ  սիրուած ու հոգեհարազատ դարձած է ձեռնարկին  ներկաներէն շատերուն համար, սակայն «այնպէս մաքուր են, կեանքի աղբիւր են մօրս ձեռքերը…» տողերը անտարբեր չձգեցին ներկաներուն:

Մայրիկներուն շնորհաւորելու հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ ներկայ հայրիկներէն ամենահամարձակները: Անոնք մէկ անգամ եւս փաստեցին զաւկի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ մօր անուրանալի դերը, որ ոչ միայն լաւ քաղաքացի ունենալու, այլեւ ազգի յարատեւութեան գրաւականն է:

Յատկանշական է, որ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ազգութեամբ ռուս մայրիկներ, որոնք հայ զաւակներու ձեռքը բռնած` մասնակցեցան ձեռնարկին եւ մեծ սիրով վայելեցին իրենց փոքրիկներու հայերէն շնորհաւորանքները:

Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա

Scroll Up