Ցեղասպանութիւնը Վերապրողներուն Եւ Հիւսուած Արուեստին Նուիրուած Գիտաժողով՝ Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին Մէջ

Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ հիւսուած արուեստին նուիրուած գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 3-7:
Ձեռնարկի համահովանաւորներն է Հայկական գորգի ընկերակցութիւնը:
Գիտաժողովին նպատակն է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ներկայացնել հիւսուած արուեստի գործերու՝ ասեղնագործութեան, թաշկինակներու եւ այլ նմոյշներու տեսանկիւնէն, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ արուեստի նման գործեր արտադրուած էին սովորաբար հայկական ջարդերուն հետեւանքով այրիներու կամ որբերու կողմէ: Այս ստեղծագործութիւնները աւելի ուշ հասած էին Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր ու ծախուած մարդասիրական նպատակներով գնորդներու:
Գիտաժողովին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Գէորգ Նազարեան («Հայկական հիւսուածեղէնի կեդրոններ Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ Ցեղասպանութեան սեմին»), Հերըլտ Պետուքեան («Հայ որբերն ու որբանոցները եւ անոնց բերած նպաստը գորգագործութեան աշխարհին»), Հրաչ Կէօզըպէյիքեան («Վաղեմի ազգի մը եւ անոր ձեռարուեստներուն զարթօնքը յետհամաշխարհային Ա. պատերազմին՝ Հալէպի մէջ»), Սիւզըն Լինտ-Սինանեան («Հիւսել՝ ապրելու համար. Հայ այրիներու եւ որբերու ձեռարուեստը»), Կարապետ Մոմճեան («Ինչո՞ւ այսպիսի գիտաժողովներ կարեւոր են») իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պիտի կատարէ գիտաժողովին բացումը եւ ներկայացնէ բանախօսները:

asbarez.com

Scroll Up