Յաւակնորդներու Մրցաշար. Արոնեանի Մրցակիցներն Այսուհետ Միայն Ռուս Գրոսմայստըրներ Են

Այսօր` մարտ 26-ին, Խանտի-Մանսիյսկի մէջ նախանշուած է յաւակնորդներու մրցաշարի 11-րդ խաղի հանդիպումները:

Յատկանշական է, որ այս խաղէն սկսեալ` Լեւոն Արոնեան Աշխարհի Թագի ուղեգիրի համար պայքարին պիտի մրցակցի բացառապէս Ռուսաստանը ներկայացնող չորս գրոսմայստըրներու հետ, քանի որ արդէն աւարտած է Անանդի, Մամեդեարովի եւ Տոպալովի հետ դիմակայութիւնները:

Ռուսաստանցի շախմատիստներէն առաջինը Լեւոնի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փեոտր Սուիդլերը, որ նախորդ խաղին պարտութեան մատնեց իր հայրենակից Վլատիմիր Կրամնիկին եւ, բնականաբար, պիտի փորձէ հայ մրցակիցին հետ խաղին, սպիտակ խաղաքարերով հանդէս կու գայ, զարգացնել յաջողութիւնը: Առաւել եւս, որ այս մրցակիցներուն միջեւ ստուգատեսի ծիրէն ներս կայացած առաջին դիմակայութեան յաղթած էր Արոնեանը: Վերջինս, իր հերթին, գերխնդիր ունի` կրճատելու առաջատար Անանդէն ունեցած միաւորի տարբերութիւնը եւ նոր հնարք հաղորդել յաղթողի  պայքարին:

11-րդ խաղի մրցակից զոյգերը/ Կրամնիկ – Անանդ, Սուիդլեր – Արոնեան, Անդրէյկին – Մամեդեարով, Տոպալով – Կարեակին:

Մրցաշարային աղիւսակը` 10 .

1. Անանդ 6,5

2. Արոնեան 5,5

3. Մամեդեարով 5

4. Սուիդլեր 5

5. Կարեակին 5

6. Կրամնիկ 4,5

7. Անդրէյկին 4.5

8. Տոպալով 4

 Թերթ.am

Scroll Up