Թրքական Հաթայի Նահանգապետը Այցելած Է Երկրի Միակ Հայկական Գիւղը
Թուրքիոյ Հաթայի նահանգի նահանգապետ Ճելալեթթին Լեքեսիզը նահանգի Սամանդաղ գաւառի գաւառապետ Սուլէյման Օզչաքըջըի եւ տեղական խորհրդարանի անդամներու պատուիրակութեան հետ այցելած է Հըպըրպէյ եւ հայկական Վաքըֆլը գիւղերը: Թրքական «Անայուրթ» էլեկտրոնային թերթի հաղորդմամբ` նահանգապետը պատուիրակութեան հետ հիւրընկալուած է հայկական Վաքըֆլըի հիւրատան մէջ, ուր հանդիպած ու զրուցած է գիւղացիներուն հետ: Գիւղապետ Պերճ Քարթունի եւ հայկական համայնքի հիմնադրամի ղեկավար Ճեմ Չափարի հետ ողջոյնի արարողութենէն ետք Հաթայի նահանգապետը խօսած է գիւղի հիւրատան վերականգնման մասին:
Նշենք, որ Վաքըֆլը գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ ամենահարաւային նահանգի` Հաթայի Սամանդաղ շրջանին մէջ` թուրք-սուրիական սահմանին մօտ, Մուսա լերան ստորոտին:
Վաքըֆլըն Թուրքիոյ մէջ պահպանուած միակ հայկական գիւղն է: Գիւղին մէջ հայերուն թիւը կը կազմէ մօտ 130 մարդ (35 ընտանիք), կը բնակի 1-ական քրտական եւ թրքական ընտանիք (2007 թ):