Ալմելոյի Մէջ Կը Կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր

Մարտ 9-ին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալուած էր Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական խնձոր ( CDA )կուսակցութեան անդամ,Հոլանտայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Եւրոխորհրդարանի անդամ Փիթըր Օմտզիխտը: Անոր կ’ուղեկցէին  Ալմելոյի  ՔԴԽ(CDA) կուսակցութեան  նախագահ  Իրենէ Տեն Սելտամը  եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ Եան Վան Մարլէն:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի, Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչները:

Քննարկուեցան  շարք մը հարցեր.

1.Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ.

ա. Միջազգային ճանաչում եւ դատապարտում:

բ. Ինչ հակադարձ գործողութիւններ կրնան ընել Հոլանտայի  իշխանութիւնները թրքական եւ ատրպէյճանական մերժողական ու ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ:

2. Հայկական դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

3. Հայերու վիճակը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ:

4. Հայաստան-Հոլանտա մերձեցումը(յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ):

Քննարկուեցան նաեւ  քանի մը մարզային հարցեր:

Վարչութեան նախագահ  Օննիկ Գելիճիի կողմէ բարձրացուեցաւ հարցեր հայերու աշխատանքի տեղաւորման վերաբերեալ, հայկական գերեզմանատուն ունենալու պահանջը, ՀՄԸՄ-ի, յատկապէս Հայ սկաուտի համար սեփական շէնք ունենալու պահանջը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան  աւագ սերունդի խնամքի  եւ բնակարանային համալիր  ծրագիրի վերաբերեալ հարցեր:

Օննիկ Գելիճիի առաջարկով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 6 ամիսը մէկ անգամ կազմակերպել հանդիպումներ` բարձրացուած հարցերու եւ կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ:

Հանդիպումը անցաւ  ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

ՀԱԵ  հողատարածքին վրայ կը կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդի նմանութեամբ,  որու բացումը նախատեսուած է ապրիլ 24-ին: Հիւրերը հրաւիրուեցան ներկայ գտնուելու բացման արարողութեան:

Մանուկ Մկրտչեան

Ալմելօ, Հոլանտա

 

Scroll Up