Ղարաբաղի Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Շարժանկարներ Պիտի Ցուցադրուին Նիւ Եորքի Rated SR Փառատօնին

Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք Rated SR կինոփառատօնի ժամանակ պիտի ցուցադրուին հայկական վեց գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, կինոփառատօնը տեղի պիտի ունենայ մարտ 14-20 Նիւ Եորքի «Quad Cinema» դահլիճին մէջ: Կինոփառատօնի հիմնադիրն է անուանի դերասանուհի, բեմադրիչ եւ համակարգող Նորա Արմանին:
Հայկական թեմայով շարժանկարներն են Նաթալիա Պելեաուսկենէի «Եթէ բոլորը», Պարէդ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը», Լուսինէ Սահակեանի «Համշէնահայերը անցեալի եւ ներկայի խաչմէրուկին», Ատրինէ Գրիգորեանի «Բաւական», Ռոպերթ Դաւիթեանի «Հայ ակտիւիստներն այսօր» եւ Դաւիթ Հովանի «Սովորականէն ուշ» շարժանկարները:
«Զգացուած եմ, որ իմ «Ցեղասպանութեան որբերը» շարժանկարը ընդգրկուած է Rated SR կինոփառատօնի պաշտօնական ընտրանիին մէջ: Կը կարծեմ, Rated SR-ը այն կարեւոր օղակն է, որ կը բացակայէր յատուկ առաքելութիւն ունեցող կինոփառատօնները իրար կապելու համար:
Rated SR-ի իրականացուցած առաքելութիւնը թերեւս ամենաազնիւն է` նպաստելով ընկերային բովանդակութիւն ունեցող շարժանկարներու խթանման»,- ըսած է Պարէդ Մարոնեան:
Շարժանկարներէն իւրաքանչիւրը լոյս կը սփռէ որեւէ հայկական կարեւոր պատմական իրադարձութեան կամ հակասական խնդիրներու վրայ, որոնց հետ մեր պետութիւնը կ’առերեսուի մեր օրերուն:
Փառատօնին ընդհանուր թիւով ներկայացուած են 40-է աւելի պատմողական եւ վաւերագրական, ներառեալ` 10 գեղարուեստական շաժանկարներ, որոնք կը մրցին «Գրան պրի»-ի համար:
http://armenpress.am/