Անհրաժեշտ պատասխան մը

Օրեր առաջ «Հայերն այսօրը» «Նոր Յառաջ»-ից արտատպել էր religions.am-ում տպագրված մի հարցազրույց Պոլսո «Ակոս» շաբաթաթերթի հայերեն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսդուքեանի հետ: Խմբագրության («Հայերն այսօր») ցավալի անուշադրության պատճառով արտատպվել է մի նյութ , որում տեղ են գտել վիրավորական արտահայտություններ Պոլսի «Մարմարա» թերթի երկարամյա խմբագրապետ, մեծավաստակ մտավորական, գրող, հրապարակախոս Ռոպէր Հատտէճեանի հասցեին:

Մեծապես գնահատելով պրն. Հատտէճեանի բազմամյա անուրանալի վաստակը հայ լրագրության և մտավոր առաջընթացի ասպարեզում՝ խոնարհաբար ներողություն ենք խնդրում մեծանուն մտավորականից՝ մեկ անգամ ևս հավաստիացնելով, որ ցավալի վրիպումը տեղի է ունեցել սոսկ անուշադրության պատճառով:

Ստորև արտատպում ենք Ռ. Հատտէճեանի պատասխանը հիշյալ հարցազրույցին, որը տպագրել է նույն religions.am կայքը 16.01.2014-ին:

***
«Ակօս» շաբաթաթերթի hայերէն էջի խմբագիր Բագրատ Էսդուքեան իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ծայր աստիճան նախատալից, նոյնիսկ հայհոյալից բառերու գործածութեամբ խօսեր է խմբակի մը մասին, որուն մաս կը կազմեմ եղեր ես ալ։ Բագրատ Էսդուքեանի գործածած բառերն են «խայտառակ», «յետադիմական», «լիրբ», «լկտի»։ Երբ հարցուած է, թէ որո՞նք են այս ածականներով յորջորջուած խմբակի մարդիկը, Էսդուքեան առաջին կարգին վրայ ու որպէս միակ անուն՝ իմ անունը տուած է։ «Մարմարա» թերթի Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը»։
Ընթերցողները եթէ պիտի հետաքրքրուին, թէ ինչո՞ւ նուաստս նախատուած է այսքան ծանր «խայտառակ, յետադիմական, մանաւանդ «լիրբ» ու «լկտի» որակականներով, պատասխանենք:
Հայաստանի մէջ գործող «Րէլիճիըս» անուն կայքէջ մը, որ կ’երեւի թէ կրօնական հարցերով զբաղելու կոչումն ունի, երկարաշունչ հարցազրոյց մը հրատարակած է Բագրատ Էսդուքեանի հետ։ Առաջին կարգի վրայ օրակարգի բերուած է այն հարցը, թէ ներկայիս Թրքահայ համայնքը Պատրիարք չունի, որովհետեւ տեղի չէ ունեցած նոր Պատրիարքի ընտրութիւն։ Այս հատուածին մէջ հարցազրոյցը կը շարունակուի սապէս.
«Հ.- Իսկ ի՞նչ պատճառով տեղի չեն ունենում նոր ընտրութիւններ։
Բագրատ Էսդուքեան- Առաջին պատճառաբանութիւնը տեղացի հայերի միջեւ եղած պառակտումն է։ Երբ վեց տարի առաջ յայտնի դարձաւ, որ Պատրիարքն անբուժելի հիւանդ է, իսկոյն կարծիքներ յայտնուեցին որ նոր ընտրութիւն պէտք է անել, սակայն ասոր դիմաց հոսանք մը գոյացաւ՝ խայտառակ, յետադիմական, լիրբ, լկտի հոսանք մը, որոնք ասացին թէ երբ որ Պատրիարքն իր պաշտօնի վրայ է, դուք ի՞նչպէս կարող էք նոր Պատրիարք ընտրել. սա ցկեանս է։
Հ.- Ո՞վքեր էին այդ ասողները։
Բագրատ Էսդուքեան.- «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանն անոնցմէ մէկն էր եւ իր կողքին կեցող խմբակ մը, որ այդ տեսակէտին էր»։
Իմ հասցէիս գործածուած այս նախատական բառերը պախարակելէ առաջ, պիտի ըսե, որ Էսդուքեան շատ սխալ կամ զրպարտական բան կ’ըսէ, երբ կարծել կուտայ որ ես կողմնակից չեղայ Պատրիարքի ընտրութեան։ «Մարմարա»-ի հաւաքածոները մէջտեղն են եւ արդէն մեծ թիւով ազգայիններ կը յիշեն որ ես, պարզապէս մարդասիրական զգացումներէ տարուելով, առաջարկեցի, որ Պատրիարքը պաշտօնանկ չհռչակուի, չզրկուի որպէս Պատրիարք փակելէ իր կեանքը, այդ նպատակով ալ ընտրուի Աթոռակից Պատրիարք մը։ Արդէն շատերու համոզումն այն էր որ անբախտ Պատրիարք Հայրը շուտով պիտի վախճանէր։ Այն ատեն Աթոռակից Պատրիարքին ալ անուան առջեւէն պիտի վերցուէր Աթոռակից բառը։ Մենք Աթոռակից Կաթողիկոս ունեցած ենք, ինչո՞ւ չունենայինք նաեւ Աթոռակից Պատրիարք։
Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու գաղափարը ընդունուեցաւ նաեւ Կրօնական Ժողովին կողմէ, բայց Կրօնական Ժողովի կողմէ ընտրուած Պատրիաքական Ընտրութեան Յանձնաժողովը ինքն իր գլխուն որոշեց թողուլ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու լուծումը, ու Կուսակալութեան դիմեց Պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն խնդրելով։ Պատրիարքարան ու Յանձնախումբ տարակարծութեան մէջ ինկան, իշխանութիւններն ալ հրաժարեցան նոր ընտրութեան արտօնութիւն տալէ։
Այս բոլորին մէջ բաւական ուժեղ երեւակայութիւն պէտք է ունենայ մէկը, որպէսզի պնդէ թէ ես, իմ կողքիս ունենալով խմբակ մը, արգելք եղեր եմ Պատրիարքի ընտրութեան։ Բոլոր անոնք որ զիս մօտէն կը ճանչնան, գիտեն որ ես միշտ կողմնակից եղած եմ որ Պատրիարքական Աթոռի վրայ անպայման Պատրիարք մը ունենանք, որովհետեւ մեր համայնքը այդ կերպ կազմակերպուած է։
Գալով իմ անուան յիշատակութեամբ գործածուած նախատական բառերուն, բառեր որոնք թերեւս օրինական պատասխանատուութիւն իսկ կրնան բերել զանոնք արտասանողին եւ հրատարակողին, անոնք որքա՞ն կը յարմարին արդեօք մէկու մը որ ինքզինք «Ժողովրդավար» (Տէմօքրաթ) կը ներկայացնէ։ Իրաւ տէմօքրաթ մը արդեօք այսքան անհանդուրժող կրնա՞յ դառնալ իրմէ տարբեր կերպ մտածող մէկու մը հասցէին։
Չեմ կրնար գիտնալ, թէ ո՞ր թուականէն ի վեր Բագրատ Էսդուքեան զիս կը տեսնէ որպէս լիրբ ու լկտի, բայց գիտեմ որ 1999 թուականի Նոյեմբեր ամսուան մէջ այդպէս չէր տեսներ, ընդհակառակը, գովասանքի շատ փայլուն խօսքեր ունէր իմ մասին։ Այդ թուականին Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ իմ գրական աշխատանքիս յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած Գիրքի Օրուան մը ընթացքին, զանազան գրողներու կարգին Բագրատ Էսդուքեանն ալ խօսք առած էր ու հարիւրաւոր հանդիսականներու ներկայութեան դրուատած էր զիս։ Այդ օրուան անոր ճառախօսութիւնը բաւական երկար է, եւ ամբողջութեամբ հրատարակուած է «Մարմարա»-ի 11 Նոյեմբերի թիւին մէջ։ Ես այստեղ հոնկէ պիտի արտագրեմ յատկանշական քանի մը մասեր, որպէսզի տեսնենք թէ այսօր զիս այդքան ծանր կերպով նախատող Էսդուքեանը այդ թուականին որքան փայլուն նախադասութիւններով բարձրացուցած էր զիս։ Ահաւասիկ։ Կարդանք։
«Այսօր սա եզակի հաւաքոյթ մըն է …. Եւ այսօր քանի որ առիթ է Հատտէճեանի մասին խօսելու, ես այդ առիթը պիտի օգտագործեմ անշուշտ դժուարանալով, թէ ի՞նչ տողերով, ի՞նչ նախադասութիւններով, ի՞նչ բառերով պէտք է բնութագրեմ գրող, խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը։ …. Ան այլեւս իսթանպուլահայութեան ամենահարազատ տարրն է, այնպէս ինչպէս քիչ առաջ ըսաւ յարգելի Տքթ. Իգնա Սարըասլանը։ Մենք որպէս Իսթանպուլահայեր, վաղուց գիտակցութիւնն ունինք այդ իրականութեան։ Գիտենք որ Ռ. Հատտէճեան շատ լաւ կը ճանչնայ մեր ժողովուրդը, համայնքը։ …. Ան մեր զգացումներուն ու խորհուրդներուն թարգմանն է։ Այո՛, Ռ. Հատտէճեանը ամենուրեք իսթանպուլահայութեան թարգմանն է։ Քառասուն տարի վերջ, հարիւր տարի վերջ եթէ պատմաբանները ուզեն իմանալ թէ ի՞նչպէս էր կեանքը 1950ական, 60ական, 70 ական, 90ական թուականներուն, ի՞նչեր պատահած էին Իսթանպուլի մէջ, ահաւասիկ Ռոպէր Հատտէճեանի վկայութիւններն են որ պիտի պատասխանեն այդ հարցումներուն։ Անշուշտ Մարմարա-ին զուգահեռ՝ կան միւս թերթերն ալ։ Բայց Հատտէճեանի «Մարմարա»-ն զգացական տարբեր հանգամանք մը ունի, տարբեր առաւելութիւն մը։ Սա կ’երեւի ծնունդ կ’առնէ Հատտէճեանի այն բացառիկ կարողութենէն, որ է դիւրահաղորդ խօսիլը, խօսիլ ո՛չ թէ միայն բառերու գեղեցկութեան հրաշալի երազանքներուն մէջ, այլ պարզապէս բառերու պարզութեան մէջէն գեղեցկութիւն ցոլացնելով։ Այդ բառերը ժողովուրդին ամենամատչելի, ամենադիւրահաղորդ, ամենաընդունելի բառերն են։ Եւ այս ոճը պատճառ կը դառնայ որ ինք վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն, այս ոճը հետզհետէ վարժութիւն դառնայ ընթերցողներուն մօտ։  … Եթէ դուք անգամ մը ընթերցողը դարձած էք այդ սիւնակներուն, ընթերցողը՝ յատկապէս Յուշատետրերուն, նոյնիսկ տեղական մամուլէ կատարուած քաղուածքներուն ¤որովհետեւ այդ քաղուածքներուն մէջ իսկ միտք կայ, որոնցմով երկրին անցուդարձերուն տեղեակ կը դառնաք, որովհետեւ Ռոպէր Հատտէճեանը զանոնք ձեզի համար ու ձեր միտքերով գրած է, այն ատեն դժուար կը բաժնուիք այդ հարստութիւններէն։ … Բոլոր անոնք որոնք գրասէր են, բոլոր անոնք որոնց սիրտը իսկապէս ազգային, համայնքային ապրումներով հետաքրքիր է, անոնց առաջին այցելած վայրերէն մէկն է «Մարմարա»-ի Խմբագրատունը։ Պէտք է հոն երթան, պէտք է հոն իրենց սիրած գրագէտին հետ հանդիպում ունենան, սուրճ մը խմեն։ Պզտիկ ու պատշաճ հանդիպում մըն է այս, բայց մեծ գոհունակութիւն պատճառող հանդիպում մըն է, ուրախութիւն մըն է, կարօտ մարելու գեղեցիկ միջոց մըն է։ … Ռոպէր Հատտէճեանի ամենամեծ յատկութիւնը իր ժողովրդականութիւնն է թէ՛ լեզուով, թէ յատկապէս միտքով։ Ան թէ՛ մեր մտքի, թէ՛ մեր խօսքին թարգմանն է։ Մենք ափսոս, կը տեսնենք որ մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ մեզ դժուար կը հասկնան, մեզի նկատմամբ անհանգստութիւններ, վերապահութիւններ ունին։ Եւ այդ նիւթերուն մէջ մեր բոլորին լաւագոյն թարգմանն է Պր. Հատտէճեանը։ … Ուրիշ կէտ մը եւս։ Տարբեր բան է Հատտէճեանը վայելել իբրեւ Խմբագիր, տարբեր բան է Հատտէճեանը վայելել իբրեւ բարեկամ, իբրեւ ընկեր։ Վիճաբանելի որեւէ հարցի մէջ Հատտէճեանի հետ տարակարծիք ըլլալ, անոր հետ վիճաբանիլ, ասիկա իսկապէս գեղեցիկ ընթացք մըն է։ Կը ցանկամ որ բոլորդ ալ նոյն փորձառութիւնը ունենաք։  … Կրնաք այն կարծիքն ունենալ թէ, սա կամ նա նիւթին մէջ Հատտէճեանի հետ համակարծիք կրնաք չըլլալ, բայց բնաւ այն կարծիքը պիտի չունենաք թէ Հատտէճեանը սա կամ նա խմբակին մարդն է, կամ Հատտէճեանը ձեր դէմի  մարդն է։ Եթէ իրեն հետ այս ընկերութիւնը ապրիք, բան մը որ ես ապրեցայ եւ ասիկա բախտ մը կը նկատեմ, եթէ իրեն հետ վիճաբանութեան մը մթնոլորտը ապրիք, պիտի տեսնէք որ Հատտէճեանը, իրեն հետ համակարծիք ըլլաք կամ ոչ, ան ձեր դէմի մարդը չէ, ձեր հակառակորդը չէ։ … Այսպէս, ես առանց վարանումի պիտի ըսեմ, որ իրեն հետ տարակարծութիւն ունենայ կամ չունենայ, իսթանպուլահայութիւնը համակարծիք է որ Ռ. Հատտէճեան իր համայնքին ներկայացուցիչն է։ Ասիկա մեր համայնքին համար բախտ մըն է, եւ Պր. Հատտէճեանին համար ալ մեծ պատիւ մըն է։ Եվ կը ցանկամ, որ այդ պատիւը երկար շարունակուի, ան թող երկար ժամանակ տակաւին ուրախ տրամադրութեամբ գիտնայ որ այս քաղաքին մէջ ունի իր ընթերցողներն ու իր հարազատ մարդիկը, որոնց ձայնն է ինք, եւ մենք ալ երկար տարիներ ուրախանանք որ մեր հոգեկան կեանքը արտայայտող մտքի մարդ մը ունինք, որ է Ռոպէր Հատտէճեանը»։
Ահա թէ Բագրատ Էսդուքեան հրապարակաւ ինչեր ըսեր է իմ մասիս, ասկէ հազիւ 13 տարի առաջ, ողջունելու համար իմ յիսուն տարուան վաստակս։ Հիմա ինծի կը մնայ հարցնել թէ 1999-էն ասդին ի՞նչ պատահեր է, որ ես, իր իսկ բառերով, ամէնուն սիրած մտաւորականն ու գրողը ըլլալէ դադրեր եմ ու դարձեր եմ լիրբ ու լկտի։ Պատրիարքական ընտրութեան հակառակած ըլլալու մասին ինծի վերագրուած սխալ պնդումը կը բաւէ՞ որպէսզի ես այս ածականներով լուացուիմ։
Բագրատ Էսդուքեան հիմա բնականաբար կրնայ ըսել.
– Այն ատեն այդպէս էիր, վերջը փոխուեցար։
Ես ալ նոյնը կրնամ ըսել իրեն համար.
– Այն ատեն այդպէս կը խօսէիր, հիմա այսպէս կը խօսիս։
Յայտնի է որ մեր երկուքէն մէկը փոխուած է եւ ընթերցողներուն թող մնայ ճշդել, թէ ո՞վ  է, որ փոխուած է սա վերջին 13 տարիներու ընթացքին։ Բայց պիտի հարցնեմ. Իսթանպուլահայ Բագրատ Էսդուքեանի մը վայե՞լ է արդեօք Հայաստանի ընթերցողներուն զիս ներկայացնել որպէս լկտի ու լիրբ գործիչ մը։
Եթէ վայել է, թող շարունակէ։ Բայց անշուշտ պէտք է նաեւ փաստացի տուեալներով բացատրէ, թէ ես իմ ո՞ր ըրածներով կամ ըսածներով դասուած եմ լիրբ, լկտի ու խայտառակ մարդոց դասին մէջ։
Գրեց՝ Ռ. Հատտէճեան
Scroll Up