Վալանսի Սբ. Սահակ եկեղեցւոյ Դաւիթեան վարժարանի ամավերջի հանդէս

Դաւիթեան վարժարանի յաղթական երթին փայլուն ցուցանիշը դարձաւ 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական հանդիսութիւնը‚ որ տեղի ունեցաւ 23 Յունիսի յետմիջօրէին, Վալանսի քաղաքային թատերասրահէն ներս‚ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ վարժարանի ուսուցչաց կազմին։ Հանդէսը նուիրուած էր հայ ազգի երեք քանքար՝ Շառլ Ազնաւուրի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի խնկելի յիշատակներուն։
Տէր Հօր բացման խօսքով հանդիսատեսը հրաւիրուեցաւ ականատես ըլլալու եւ բաժնեկից դառնալու այնպիսի հանդիսութեան մը‚ որ պատրաստուած էր մէկ շունչով‚ մէկ հոգիով եւ մէկ միտքով: Զոյգ քայլերգներու ունկնդրումէն ետք, սկիզբ առաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Հանդիսականները աներեւակայելի ոգեւորութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ այս հայաշունչ մթնոլորտին մէջ ունկնդրեցին իրենց զաւակներուն շրթներէն բոցավառած հայ գրականութեան եւ երաժշտութեան անմար կանթեղներու գոհարները։ Անգնահատելի էր նաեւ տարուած աշխատանքը‚ որ կատարուած էր կարճ ժամանակի մը ընթացքին եւ հեւքոտ տարեշրջանի մը աւարտին:
Յայտագիրի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ստացուած ոսկեայ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ համայնքիս վաստակաւոր հովիւ Արժշ. Տէր Նարեկ Ա. Քհնյ. Վարդանեանը, որ խորապէս յուզուած շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցիս Տեսուչ՝ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանին, հայապահպանման եւ ազգապահպանման ուղղութեամբ տարած իր հսկայական աշխատանքին առթիւ։
Պատուոյ գնահատագիր մը յանձուեցաւ նաեւ գլխաւոր բարերար՝ տիկին Շաքէ Տօնոյեանին, որ անգամ մը եւս պատկառելի գումար մը նուիրեց՝ Դաւիթեան դպրոցի բարօրութեան։ Գնահատելի էր նաեւ Տեսին քաղաքի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ օրինակելի նուիրատուութիւնը։
Յայտագիրի աւարտին, Դաւիթեան դպրոցի աշակերտները պատկերներու ցուցադրութեամբ եւ «Հայրենիքիս Հետ» երգին զուգահեռ անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց հաւատքը եւ խոստացան միասնական ջանքերով մօտեցնել այն օրը, երբ Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի ու մեր բոլորի երազած Հայաստանը հպարտութեամբ եւ արժանիօրէն պիտի անուանենք. «Իմ նո՜ր հայրենիք, հզօ՜ր հայրենիք»: Սոյն բեմահարթակին վրայ իրենց խօսքն ըսելու կանգնած էին երկու շառաւիղներ. մէկը՝ օտար ափերու վրայ ծնունդ առած մեր հինգերորդ սերունդը, իսկ միւսը՝ արեւելահայ աշակերտութեան նոր լիցքեր հաղորդող սերունդը։ Թող հայօրէն ապրի մեր նորահաս սերունդը, որ Ճակատագիրի բերումով կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ հայրենիքէն դուրս, բայց Սփիւռքի յատուկ ոգեկան հայրենիքէն ներս։ Թող ապրի հայ դպրոցը‚ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շունչը անպակաս ըլլայ այստեղէն‚ թող ապրի հայոց աշխարհը իր պետականութեամբ եւ յաւերժ անսասան մնան մեր կրթական օճախները։
Այնուհետեւ, ուսուցչուհիներու պարգեւատրումէն ետք, վարժարանիս տնօրէն-տեսուչ՝ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի հրաւէրով բեմ բարձրացաւ Պուրկ Լէ Վալանսի քաղաքապետ՝ տիկին Մարլէն Մուրիէն, որ իր ճառին մէջ վերահաստատեց իր մշտական զօրակցութիւնը հայ համայնքին, միաժամանակ շեշտեց նաեւ Արցախին հայկական հող ըլլալը։
Աւարտին աշակերտները ստացան իրենց գովասանագիրները՝ առ ի քաջալերանք եւ գնահատանք ամբողջ ուսումնական տարեշրջանի մը ընթացքին իրենց լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքին։ Ապա Դաւիթեան վարժարանի քայլերգով վերջ գտաւ սոյն հանդիսութիւնը։

Բէկի Էքմանեան-Պայրամեան

Scroll Up