Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահը Պիտի Ընտրուի Յունիս 26-ին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 26-ին:
«Ժամանակ» օրաթերթի փոխանցմամբ, վաղը պատրիարքարանին մէջ Կրօնական ժողովի նիստ պիտի գումարուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի նախագահութեամբ եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի ատենապետութեամբ: Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին ու յստակեցուին յառաջիկայ ընտրութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր: Եկեղեցական աւանդոյթներու ու կանոնադրութեան համաձայն, տեղապահը կ՛ընտրուի Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականներու Եկեղեցական համագումարին կողմէ:
«Վաղուան ժողովը պիտի ապահովէ, որպէսզի Յունիս 26-ի տեղապահի ընտրութեան օրակարգի շուրջ գումարուելիք Եկեղեցական համագումարը ունենայ իրաւական ամուր հիմք», -կը գրէ «Ժամանակ»-ը:
Երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէն ետք այս տարուան Մարտ 8-ին Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանը համայնքի օրակարգ բերաւ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը:
Թուրք պաշտօնեաներու պատրիարքարան այցէն ետք յայտարարուեցաւ, որ տեղապահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 23-ին կայանալիք Պոլսոյ ՏԻՄ ընտրութիւններուն յաջորդող օրերուն: