Աննա Յակոբեան Հիւրընկալած Է Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի Սաները
ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ « City of smile ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան մայիս 27-ի երեկոյեան կառավարական առանձնատան մէջ կրտսեր դստեր` Արփի Փաշինեանի հետ հիւրընկալած է Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարանի 5-րդ դասարանի 20 աշակերտներու: Այս մասին կը հաղորդեն Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն:
Ապրիլ ամսուն Պոսթընի մէջ Աննա Յակոբեան այցելած էր Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան եւ տեղեկանալով, որ մայիսի վերջը աշակերտներն իրենց արձակուրդը պիտի անցնեն Հայաստանի մէջ, խոստացած էր անոնց հիւրընկալել: Հանդիպման երեխաները պատմած են, որ արձակուրդի ընթացքին այցելած են Արցախ, Սարդարապատ, բազմաթիւ թանգարաններ Երեւանի մէջ: Անոնք անկեղծ ըսած են, որ կը ցանկային ամէն տարի գալ Հայաստան: Վարժարանի սան Վարդան Առաքէլեանի հարցին, թէ արդեօ՞ք հեշտ է ըլլալ վարչապետի տիկին, Աննա Յակոբեան ըսած է, որ իր կեանքը երբեք հեշտ չէ եղած, քանի որ իր ամուսինը` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը թէ՛ խմբագիր, թէ՛ ԱԺ պատգամաւոր եղած ժամանակ միշտ պայքարած է անարդարութեան դէմ, հետապնդուած, յայտնուած ընդյատակի մէջ ու նաեւ բանտը:
«Այժմ մենք շատ կ՛աշխատինք եւ ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր երկրի խնդիրները լուծուին: Իմ կեանքս փոխուած է, քանի որ այժմ բոլորը կը ճանչնան ինծի եւ շատ դժուար դարձած է նոյնսիկ քաղաքին մէջ քալելը: Բայց բոլոր փոփոխութիւններն ալ ես կ՛ընդունիմ սիրով, քանի որ գիտեմ, որ եկած է ժամանակ մը, որ պէտք է երկրին ծառայել »,- ըսած է Աննա Յակոբեան:
Հանդիպման աշակերտները ներկայացուցած են այցէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները, այնուհետեւ բանաստեղծութիւններ արտասանած, երգած հայրենասիրական երգեր: