Տեղի Կ’ունենայ «Խաչքար. Խաչքարի Արուեստը» Գիրքի Շնորհանդէսը

«Զանգակ» գրատան մէջ մայիս 4-ին տեղի կ’ունենայ Յարութիւն Խաչատրեանի եւ Միշէլ Պասմաճեանի «Խաչքար. Խաչքարի արուեստը» գիրքի շնորհանդէսը:
Գիրքը լոյս ընծայած «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութենէն կը յայտնեն, որ ամբողջութեամբ խաչքարերուն նուիրուած այս ծաւալուն հատորն ունի երկու նպատակ: Առաջին հերթին, ներկայացնել սփիւռքի` Երուսաղէմի ու Նոր Ջուղայի մէջ, գտնուող հայկական խաչքարերու ամբողջական ժողովածուն: Այդ նպատակով Յարութիւն Խաչատրեան ու Միշէլ Պասմաճեան աւելի քան տաս տարի աշխատած են այս երկու քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ` հաւաքելով եւ լուսանկարելով խաչքարերու արուեստի բացառիկ ժառանգութիւնը, որ, ի դէպ, 2010թ. ԵՈՆԵՍԿՕ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս ոչ նիւթական մշակութային համաշխարհային ժառանգութեան մաս:
Այս աշխատանքը, փաստագրելով իւրաքանչիւր յուշարձանի բոլոր մանրամասները եւ ատոր աւելցնելով լուսանկարներ, կը ստեղծէ նաեւ խաչքարերու պահպանութեան հնարաւորութիւն: Երկրորդ հերթին, հեղինակներն աշխատած են ստեղծել համակարգ մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ վերլուծելու, դասակարգելու եւ ցուցակագրելու մեծ քանակութեամբ հաւաքագրուած պատկերագրական եւ վիմագրական տեղեկութիւնները: