Զուիցերիոյ Դեսպանը Անթիլիասի Մայրավանքէն Ներս

Այսօր, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհին։ Հանիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-զուիցերիական յարաբերութեանց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներու միջեւ երկար տարիներու վրայ տարածուած գործակցութեան, ինչպէս նաեւ «Արեմնոֆաս»-ի գործունութեան։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկային Փափա Քիւնցլերի նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպման ծրագրը։ Յայտնենք, որ հայոց ցեղասպանութենէն ետք որբահաւաքի եւ վերապրողներու ընկերային ծառայութեան գծով կարեւոր դեր ունեցած է զուիցերիացի Փափա Քիւնցլերը։