Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Ձեռնակին 400,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

«Ասպարէզ»- Շաբաթ, 6 Ապրիլին, Նիւփորթի նաւահանգիստը խարիսխ նետած «Իթըրնըթի» զբօսանաւուն մէջ, 300 ներկաներ միասնաբար տօնեցին Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանի նորագոյն իրագործումները, վարժարանին տարեկան 33րդ ճաշկերոյթին ընթացքին։

1986ին, Մինասեանի ընտանիքի առատաձեռն աջակցութեամբ ճամբայ ելած վարժարանը՝ միշտ իր կողքին ունեցած է վարժարանին համակիրները եւ համայնքը։

Վարժարանին հիմնադրութենէն ի վեր անոր նեցուկ կանգնող Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ վարժարանին հոգաբարձութիւնը մաս կազմեցին տօնակատարութեան, որուն ընթացքին նշուեցաւ, թէ այս տարի եկեղեցւոյ աջակցութեամբ կարելի եղած էր նորոգել վարժարանին գրասենեակները եւ մանկապարտէզը։

Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնեց վարժարանի ծնողական-ուսուցչական մարմինի ատենապետ Նեթըլի Փիթըրզ։ Հոգեւոր հովիւին բացման աղօթքէն ետք, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեան՝ փոխանցելով վարժարանին պատգամը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտները իւրայատուկ դաստիարակութիւն կը ստանան եւ աւելցուց, թէ այս տարեշրջանին աշակերտներուն թիւը յատկանշական աճ արձանագրած է եւ վարժարանը ականտես դարձած է վերանորոգութեան եւ ընդարձակման։ Տնօրէնուհին նաեւ ընդունեց, թէ տակաւին շատ գործ կայ տանելիք, մինչեւ կարելի ըլլայ հասնիլ այն հանգրուանին, երբ համայնքին իւրաքանչիւր հայ աշակերտ առիթը ունենայ հայկական վարժարան յաճախելու։

0000AGM 33rd Annual Gala crowd

Ներկաները կը հետեւին տնօրէնուհիին ներկայացման

Այնուհետեւ, հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ Քրիստափոր Կիւլճեան շեշտեց համայնքին ունեցած յատկանշական ներուժը, ինչպէս նաեւ միասնական աշխատելու կարեւորութիւնը՝ ի սպաս ապագայ սերունդներուն։ Ան նաեւ ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ «Սըքսեշըն Քեփիթըլ»ի հիմնադիր Ճիւլիըն Մովսէսեանը, անոր հակիրճ կենսագրականը եւ իրագործումները։

Իր ելոյթին մէջ, Մովսէսեան շեշտեց վարժարանին կենսական դերակատարութիւնը համայնքին համար, նոյն ժամանակ կոչ ընելով ներկաներուն, որ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնին անոր։ Ապա յայտարարուեցաւ, թէ տէր եւ տիկին Ճիւլիըն եւ Ալին Մովսէսեաններ որոշած են 200,000 տոլար նուիրել վարժարանին։

Այս առիթով, Մովսէսեաններուն յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը, որ ձեւաւորուած էր Մայքըլ Արամի կողմէ, որ անցեալ Նոյեմբերին վարժարան այցելած էր եւ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցած էր աշակարտներուն հետ։

0000AGM Minassians

Սթիւ եւ Սեդա Մինասեաններ

Տարեկան ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ հանգանակել Մովսէսեաններու նուիրատուութեան համահաւասար գումար մը, վարժարանին ի նպաստ հաւաքուած ընդհանուր գումարը հասնելով 400,000 տոլարի։

Վարժարանը կը յայտարարէ, թէ Մովսէսեաններու ցուցաբերած այս առատաձեռն աջակցութիւնը գնահատելով՝ որոշած է վարժարանին մանկամսուրը կոչել Ճիւլիըն եւ Ալին Մովսէսեաններու անունով։

Վարժարանին տարեկան 33րդ ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարները պիտի տրամադրուին վարժարանին բարեկարգման զանազան ծրագիրներու՝ սկսելով մարզականէն եւ արհեստագիտականէն ու հասնելով վարժարանը՝ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար առաւել գրաւիչ դարձնելու նախաձեռնութիւններ։

Նաեւ, 200,000 տոլար պահ պիտի դրուի, դառնալու համար նոր վարժարանին հիմնադրամի մը նախագումարը։

0000AGM Der Karekin

Գարեգին քհնյ. Պետուրեան

Վարժարանի տնօրէնուհի Սանան Շիրինեան կը յայտնէ, թէ հոգաբարձութիւնը եւ տնօրէնութիւնը որոշած են այդ հիմնադրամին գումարը առնուազն մէկ միլիոն տոլարի հասցնել մինչեւ 2021, որ վարժարանին հիմնադրութեան 35րդ տարեդարձը պիտի ըլլայ։

Scroll Up