Տիկին Աննա Յակոբեանի Այցելութիւնը Սբ. Ստեփանոս Ազգային Վարժարան

Ուաթրթաուն, Մասս. – Ապրիլ 5-ին, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը, Տիկին Աննա Յակոբեան Սբ. Ստեփանոս Ազգային Վարժարան այցելեց, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, ինչպէս նաեւ, City of Smiles եւ My Step հաստատութիւններու տնօրէններ՝ Յովհաննէս Ղազարեանի եւ Եսթեր Տէմիրճեանի:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն վարժարանէն, տիկին Յակոբեան ջերմօրէն ընդունուեցաւ աշակերտութեան, ուսուցիչներու և տնօրէնութեան կողմէ երկու փոքրիկներ հայկական տարազով զինք դիմաւորեցին աւանդական հացով ու աղով, իսկ մնացեալը հայկական դրօշակը ձեռքերնին Հայաստանի քայլերգը երգեցին:

Իր բարի գալուստի խօսքէն վերջ, տնօրէնը՝ Հուրի Պոյամեան տեղեկութիւն տուաւ դպրոցի մասին եւ յայտնեց, որ մեծն Պոսթոնի մէջ կը գտնուին Ամերիկայի լաւագոյն պետական եւ սեփական վարժարանները, այդ պատճառով ալ դպրոցը աշխատած է միշտ բարձր պահել իր ուսումնական մակարդակը, քաջալերելու համար ծնողները որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ղրկեն: Աշակերտներուն որակաւոր ուսում տալու կողքին, դպրոցը կը փոխանցէ Հայ լեզու, մշակոյթ, հայոց պատմութիւն եւ մանաւանդ անհուն սէր Հայրենիքի հանդէպ: Այս նոյն գծով, ամէն տարի Մայիսին, աւարտական դասարանի համար դպրոցը Հայաստան այցելութիւն կը կազմակերպէ: Տնօրէնը իր խօսքը  փակեց յաջողութիւն մաղթելով Տիկին Յակոբեանին հայրենիքի ի նպաստ իր ծրագիրներուն մէջ:

Աշակերտները կարճ յայտագրով ելոյթ ունեցան, որմէ ետք Տիկին Յակոբեան եւ իր պատուիրակութիւնը տնօրէնի առաջնորդութեամբ դասարանները այցելեցին եւ խօսակցեցան աշակերտներուն հետ, որոնք հիւրերուն գրաւեցին իրենց հարցումներով, ասմունքով և իրենց սահուն հայերէնով:

Սբ. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը շնորհակալ է Տիկին Յակոբեանին, որ ժամանակ տրամադրեց ծանօթանալու այն զօրաւոր համայնքը, որ դպրոցը կրցած է ստեղծել մեծն Պոսթոնի շրջանին մէջ:

Scroll Up