Վալանսի ՄԷջ Տօնակատարութիւն Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Օրուան Առթիւ

Հայ Առաքելական եկեղեցին Ապրիլի 7-ին կը նշէ Ս. Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնը։ Սոյն թուականը Հայաստանի մէջ ալ հռչակուած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր։ Այս առթիւ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեամբ տօնակատարութիւն մը, Վալանսի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վալանսի Դաւիթեան հայկական վարժարանի ուսուցչաց կազմին։ Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները:

Ծաղկաբոյր գարնան մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնական մթնոլորտն էր, որ կ’իշխէր «Վալանթին» սրահին մէջ, որ մեծ նուիրումով եւ ոգեւորութեամբ տրամադրուած էր տէր եւ տիկ. Քազազեաններուն կողմէ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի հմուտ ուսուցչուհի տիկ. Սիւզան Փեհլիվանեան, որ գեղեցիկ ձեւով փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող մօր անմոռանալի եւ էական դերը, որպէս ընտանեական Սուրբ խորանի անշէջ ջահ: Դպրոցիս ժրաջան աշակերտուհի Ալիս Ասլանեան յուզիչ կերպով արտասանեց Շիրազի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը: Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ սկսաւ յայտագիրը: Իր խօսքին մէջ Տէր Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Պուրկ լէ Վալանսի քաղաքապետուհի Տիկ. Մարլէն Մուրիէյին, ինչպէս նաեւ Կապոյտ Խաչի, ՀԲԸՄ ի , եւ եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբերուն, Իջեւանէն ժամանած ուսանողուհիներուն: Շատ հաճելի էր նաեւ մեր դպրոցի աշակերտներուն՝ Ստեֆանի Պագգալեան, Սէրլի Եմէնճեան, Անժելինա Մանուկեան եւ Լորի Ստեփանեանի պարային ելոյթը: Իր հմայիչ ձայնով արհեստավարժ երգչուհի եւ խմբավար Յասմիկ Զաքարեան Կոմես լաւագոյնս մեկնաբանեց «Բալենի» երգը:
Օրուան պատուոյ մայր նշանակուած էր նախկին ուսուցչուհի՝ Տիկ. Եղիս Պօյաճեան, որ տարիներ շարունակ ծառայած է դպրոցիս պայծառութեան համար:
Գարնանային եւ տօնական մթնոլորտին զուգորդուեցաւ մեծ թիւով ներկաներու եւ «Հայուհիներ» պարային խումբի անզուգական մասնակցութիւնը յունական, հայկական պարերով։
Ձեռնարկի յաջողութեան յաւելեալ փայլք սփռեցին սիրուած երգիչ Դաւիթ Լիւսաքեանն ու դաշնակահար Դաւիթ Ճինպաշեանը:
Հուսկ՝ կարելի է գնահատել Դաւիթեան դպրոցիս ուսուցչուհիներուն տարած կազմակերպչական որոկաւոր աշխատանքը, որուն շնորհիւ այս ձեռնարկը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:

Scroll Up