Վրաստանի Օզուրգեթի Քաղաքին ՄԷջ Բացուած Է Կոմիտաս Վարդապետի Անուան Կեդրոն

Ապրիլ 2-ին, ձեռամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի, կատարուեցաւ Օզուրգեթիի հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը: Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս նորաբաց կեդրոնը կոչուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի անունով:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, Օզուրգեթիի կեդրոնը վարձակալած է Վիրահայոց թեմը, իսկ վերանորոգութիւնը կատարուած է Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի նիւթական միջոցներով: Վերջին տարիներուն տեղի հոգեւոր հովուութեան կողմէ հիմնուած էր Սբ. Սահակ Պարթեւ մէկօրեայ դպրոցը, որ իր աշխատանքները կը կատարէր Պաթումիի Ալեքսանտր Մանթաշեանց կեդրոնի աջակցութեամբ: Վիրահայոց թեմի Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Աճարիոյ, Կուրիայի եւ Իմերեթիի հայութեան հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան, յաճախ ըլլալով համայնքին մէջ, կը հոգար ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները եւ շատ անգամ կը կազմակերպէր Օզուրգեթիի համայնքի ներկայացուցիչներու այցը Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Պատարագներուն եւ համայնքային տարբեր ձեռնարկներուն:
Այսուհետ եւս հոգեւոր հովիւին կողմէ Սբ. Պատարագ մատուցելու եւ ժողովուրդի հոգեւոր պէտքերուն խնամք տանելու համար նորահաստատ կեդրոնի սրահին մէջ տեղադրուեցաւ նաեւ Խորան:
Օրը տօնական էր: Կեդրոնին մէջ հաւաքուած էին ոչ միայն շաբաթօրեայ դպրոցի սաներն ու իրենց ծնողները, այլ նաեւ Օզուրգեթիի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր Պաթումիէն եւ Թիֆլիսէն: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վիրահայոց թեմի Ալեքսանտր Մանթաշեանց կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեան, թեմի իրաւական հարցերու եւ համագործակցութեան բաժինի տնօրէն Միքայէլ Աւագեան եւ վարչա-տնտեսական բաժինի տնօրէն Կարէն Երիցեան: Իր պատուաբեր ներկայութիւնը բերած էր Պաթումիի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս պարոն Եղիշէ Սարգսեան:
Եկեղեցական արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա բարեխնամ առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան Սամցխէ Ջաւախքի եւ Ծալկայի փոխառաջնորդ հոգեշնորհ Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանի եւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի մասնակցութեամբ կատարեց Սուրբ Սեղանի, Վէմ քարի, Աստուածամօր սրբապատկերի օծման եւ կեդրոնի օրհնութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Շարականներու, սաղմոսներու եւ աղօթքներու հնչեղութեամբ կեդրոնին մէջ ձեւաւորուեցաւ հոգեւոր մթնոլորտ, որ մեծ մխիթարութիւն պարգեւեց տեղի ժողովուրդին:
Արարողութեան աւարտին կիրակնօրեայ դպրոցի սաները ներկաներուն ուրախացուցին իրենց հայերէն երգով եւ արտասանութիւններով:
Շնորհաւորանքի խօսք ըսին հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան, հոգեշնորհ Մաղաքիա Հայր Սուրբը եւ արժանապտիւ Տէր Արարատ քահանան: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը եւ Ճինիշեան հիմնադրամին ուղղուած երախտագիտութեան խոր զգացումով հանդէս եկան Օզուրգեթիի հայ համայնքի անդամները:
Եկեղեցական արարողութեան եւ տօնական ձեռնարկի աւարտին Վազգէն Սրբազան իր օրհնութիւնը բաշխեց Օզուրգեթիի հաւատացեալ ժողովուրդին, բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայի եւ տեղի Սբ. Սահակ Պարթեւ հայերէնի ուսուցման մէկօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Իրինա Մարգարեանի կատարած աշխատանքները համայնքին մէջ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ճինիշեան հիմնադրամին` յանձինս Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի ԱՄՆ-ի գրասենեակի տնօրէն Էլիզ Մինասեանի եւ Երեւանի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արմէն Յակոբեանի:Թեմակալ առաջնորդը նորաբաց կեդրոնին նուիրեց սրբապատկեր:
Յառաջիկային կեդրոնին մէջ կը հիմնուին երգի եւ պարի խմբակներ: Օզուրգեթիի Կոմիտաս վարդապետի անունը կրող կեդրոնը Վիրահայոց թեմի թիւով 10-րդ հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնն է: