Հանդիպում Նիւ Եորքի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ. տեսանիւթ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մարտ 29-ին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը յայտնէ, որ հանդիպման քննարկած են հայկական բանակին առնչուող տարբեր հարցեր:

«Ես` որպէս պաշտպանութեան նախարար, կ՛ըսեմ, որ այդ ձեւաչափը` տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց, պիտի չըլլայ, ես այն վերաձեւակերպած եմ` «Նոր պատերազմ` նոր տարածքներու» դիմաց»,- յայտարարած է Տօնոյեան` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Ան նշած է նաեւ, որ միակողմանի զիջումներ չեն ըլլար, հնարաւոր են փոխզիջումներ:

Տօնոյեան ընդգծած է, որ Հայաստան պիտի աւելցնէ գրոհային ստորաբաժանումները: «Մենք խրամատային, անընդհատ պաշտպանական վիճակէն պիտի ձերբազատուինք, եւ պիտի աւելցնենք այն ստորաբաժանումներու քանակը, որոնք կրնան ռազմական գործողութիւնները տեղափոխել հակառակորդի տարածք»,- յայտարարած է պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Ան պատմած է հայկական բանակին մէջ իրականացուող ծրագիրներու ու ատոնց իրականացման մէջ սփիւռքի հնարաւոր դերին մասին` հիմնականին մէջ նուիրատուութիւններու տեսքով: «Ամենաչսիրած բանը զինուած ուժերուն մէջ եւ մասնաւորապէս ինծի համար հանգանակութեան խնդիրներն են: Ես զինուորականներուն կը սորվեցնեմ չխնդրել, չվախնալ»,- ըսած է ան:

Տօնոյեան պատասխանած է հնչող հարցերուն` բանակին մէջ տիրող իրավիճակէն մինչեւ տարածաշրջանային խնդիրներ: Ան նշած է, որ բանակին մէջ մահացութեան աստիճանը պէտք է ամէն կերպ կրճատել` չնայած իսպառ վերացնել հնարաւոր չէ:

«Անխուսափելի է, զէնքով են, երիտասարդ են, պայմանները` զուտ տնտեսական, որուն մէջ կը գործեն, հնարաւոր չէ այս պահուն այլ իրավիճակի հասցնել»,- ըսած է ան` կարեւորելով բանակին մէջ յանցագործութեան  բարքերու դէմ պայքարը, որուն դրսեւորումներէն մէկն ալ  վերջերս Մեղրիի մէջ տեղի ունեցած միջադէպն էր: Տօնոյեան կարեւորած է նաեւ բանակին մէջ կանանց թիւի եւ դերի բարձրացման հարցը:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայ վիրաւոր զինուոր» հիմնադրամի ղեկավարներու պարգեւատրման արարողութիւնը` որպէս Հայաստանի խորհրդանշական երախտիքն ԱՄՆ-էն հայ զինուորներուն տրամադրուող օգնութեան համար:

 

 

Scroll Up