Աֆրին Մնացած Վերջին Հայն Ալ Ստիպուած Եղած Է Գաղթելու

Թրքական պետութիւնն ու աւազակները Աֆրինի մէջ մնացած վերջին հայ Յարութ Գէորգի տունը խլած ու մզկիթի  վերածած են:

Աֆրինի գրաւումէն յետոյ  թրքական պետութիւնն ու աւազակախումբերը կը շարունակեն բռնագրաւել, թալանել, բռնաբարել ու ամէն տեսակ անմարդկային արարքներ գործել այնտեղ: Մինչեւ օրս թրքական պետութեան աւազակները հազարաւոր ընտանիքներէ խլած են  անոնց տունն ու ունեցուածքը, այս անգամ ալ` Աֆրին մնացած վերջին հայուն տունն ու ունեցուածքը խլած են:

Յարութ Գէորգի ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով ստիպուած Աֆրին գաղթած հարիւր հազարաւոր հայ ընտանիքներէն մէկն է: 1915-էն յետոյ Աֆրին ապրող ու ապրուստը մետաղական նիւթերու վաճառքով վաստակող Գէորգի տունը, խանութն ու ողջ ունեցուածքը թուրք աւազակները խլած են:  Դեռ աւելին` տունը, որ կը գտնուի Ճինտարիսի ճանապարհի եզրին, վերածուած է մզկիթի ու անուանուած` Էլ-Ֆարուք:

Տեղեկացած ենք, որ աւազակներուն կողմէ յարձակումներու ու ճնշումներու ենթարկուելէ յետոյ Գէորգը Աֆրինէն գաղթած է Հալէպ:

Թարգմանեց Անի Մելքոնեան

Akunq.net

Scroll Up