Հայ Մարզիկները Յատուկ Ողիմպականներու Աշխարհի Ամառնային Խաղերուն Երկու Ոսկէ եւ Մէկ Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է

Ապու Տապիի մէջ 2019-ի Մարտ 8-էն 22 տեղի ունեցող յատուկ ողիմպիականներու աշխարհի ամառնային խաղերուն հայ մարզիկները երկու ոսկէ եւ մէկ պրոնզէ մետալ նուաճած են:
Լողորդ Ռոպերթ Պետրոսեան 50 մ․ թիկնալող վարժութեան մէջ դարձած է յաղթող, իսկ 50 մ ազատ ոճի լող վարժութեան մէջ գրաւած է 6-րդ տեղը (մարզիչ` Հմայեակ Հայրապետեան): Վազորդ Գէորգ Մանուկեան 100 մ վազք մրցաձեւին մէջ դարձած է ոսկէ մետալակիր, իսկ թափավազքով հեռացատկ վարժութեան մէջ պրոնզէ մետալ նուաճած է (մարզիչ` Էրիկ Մարտիրոսեան):
Խաղերուն մասնակցած հայ մարզիկները կը ներկայացնեն «Հայկական յատուկ ողիմպիականեր» հասարակական կազմակերպութիւնը, որը ՀՀ մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ իւրաքանչիւր տարի կը ստանայ 2 միլիոն դրամ պետական աջակցութիւն` ՀՀ ախոյեանութիւններ կազմակերպելու եւ միջազգային մրցաշարերուն մասնակցելու համար:
2019 թուականի յատուկ ողիմպիականներու աշխարհի ամառնային խաղերուն կը մասնակցի 190 երկրի 7500 մարզիկներով: