Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ամերիկահայ Գործարար Եւ Բարերար Ճէյմս Թուֆէնկեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/03/gorcarar.jpg)
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ընդունած է ամերիկահայ գործարար, բարերար եւ ճանչցուած ձեւաւորող Ճէյմս Թուֆէնկեանը:
Վարչապետը ողջունած է Ճէյմս Թուֆէնկեանի գործունէութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` նշելով, որ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի միջոցով տարբեր ոլորտներու մէջ ծրագիրներու իրականացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի զարգացման համար: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնը տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու ծիրէն ներս բարեփոխումներ կ՛իրականացնէ գործարար միջավայրի շարունակական բարելաւման, գործարար նախաձեռնութիւններու խթանման, օրէնսդրական կարգաւորումներու պարզեցման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով, որոնք կը դիւրացնեն գործարար գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կը խթանեն ներդրումներու ներգրաւումը: Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է` կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է երկրին մէջ նախաձեռնողականութեան խթանումը, քանի որ խնդիրներու լուծման կարելի է հասնիլ միայն աշխատանքի միջոցով:
Ճէյմս Թուֆէնկեան նշած է, որ Սփիւռքի մէջ ոգեւորութեամբ եւ հպարտութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, եւ սփիւռքահայերու շրջանին մէջ մեծ ցանկութիւն ու հետաքրքրութիւն կայ` հայրենիք այցելելու, կատարուող գործընթացներուն տեղուոյն վրայ ծանօթանալու, երկրի զարգացման ծրագիրներուն ներգրաւուելու եւ իրականացուող բարեփոխումներուն աջակցելու առումով: Ան նշած է, որ իր փորձով կրնայ ներկայացնել այն դրական փոփոխութիւնները, որոնց հետ անձամբ առնչուած է, այն է` նոր մշակոյթի ներդրում գործարար գործունէութեան մէջ, գործարարութեամբ զբաղուելու համար առկայ կարգաւորումներու էական դիւրացում եւ այլն: ՃԷյմս Թուֆէնկեանի խօսքով` նշուած բարեփոխումները կարեւոր նշանակութիւն ունին ներդրումներու ներգրաւման տեսանկիւնէն, եւ արդէն իսկ կատարուած նորամուծութիւնները լուրջ դրական ազդակ են գործարարութեան համար:
Վարչապետը եւ Ճէյմս Թուֆէնկեանը քննարկած են «Թուֆէնկեան» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ մասնաւորապէս, անդրադարձած Վայոց ձորի մարզի Արենի համայնքին մէջ կառուցուող հիւրանոցային համալիրի ներդրումային ծրագիրին: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է հիւրանոցի կառուցումը` նշելով, որ ատիկա իր ետեւէն շղթայական դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ոչ միայն Արենիի, այլեւ շրջակայ համայնքներուն համար` կը բարելաւէ գործարար միջավայրը Վայոց ձորի մէջ, կը խթանէ ինչպէս արտագնայ, այնպէս ալ ներգնայ զբօսաշրջութիւնը, կը նպաստէ տնտեսական աշխուժութեան, ենթակառուցուածքներու բարելաւման: Ճէյմս Թուֆէնկեան նշած է, որ կառուցուող «Թուֆէնկեան» հիւրանոցն ամենամեծը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ, եւ կը նախատեսուի այն շահագործման յանձնել երկու տարիէն: Ան ընդգծած է, որ պատրաստ է շարունակելու զարգացման ծրագիրներու իրականացումը եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Արցախի մէջ եւ աջակցելու կառավարութեան բարեփոխումները կեանքի կոչելու գործին մէջ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ նոր ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներուն շուրջ:
* * *
Գործարար Ճէյմս Թուֆէնկեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներդրումներն ու ծրագիրները կ՛իրականացնէ «Tufenkian Foundation» հիմնադրամի միջոցով: Հայաստանի մէջ հիմնադրամի ծրագիրներն ուղղուած են աղքատութեան յաղթահարման, կրթական հնարաւորութիւններու ստեղծման, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան,ընկերային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլն: Հիմնադրամը լայնածաւալ ենթակառուցուածքային եւ զարգացման ծրագիրներ իրականացուցած է եւ կ՛իրականացնէ նաեւ Արցախի մէջ: