Քո Իւրաքանչիւր Յաղթանակը Հպարտութիւն Է Մեզ Համար. ՀՀ Նախագահը` Լեւոն Արոնեանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/03/1-32.jpg)
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հիւրընկալած է Հայաստանի առաջատար շախմատիստ, շախմատի համաշխարհային ողիմպիականի եռակի յաղթող Լեւոն Արոնեանը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, Լեւոն Արոնեան Հանրապետութեան նախագահին պատմած է յառաջիկայ ծրագիրներու ու մրցաշարերու մասին` նշելով, որ բաւականին յագեցած տարի կը սպասուի:
Նախագահ Սարգսեան, յաջողութիւններ մաղթելով Լեւոն Արոնեանին, մասնաւորապէս ըսած է. «Քո իւրաքանչիւր յաղթանակ հպարտութեան հրաշալի պահեր է պարգեւում մեր ժողովրդին»:
Նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ յառաջիկային մենք նման պահեր շատ կ’ունենանք: