Սուրիոյ Խաղաղ Կեանքի Վերականգնման Գործին Հայաստան Աշխոյժ Մասնակցութիւն Ունի

«Հայաստան աշխոյժ մասնակցութիւն  ունեցած է Սուրիոյ մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման գործին մէջ»,-այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար, բանակի հրամանատար Վալերի Գերասիմովը:

ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ աջակցութեան համար Հայաստանի  ԶՈՒ ԳՇ պետ Արտակ Դաւթեանին: Անոնց հանդիպումը կայացած է Մոսկուայի մէջ:

Ռուսաստանի գլխաւոր գրասենեակի պետն ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսաստանի դաշնակիցն ու առանցքային գործընկերը Անդրկովկասի մէջ:

Scroll Up