Սարգի Մուրատեանի Երգարանի Գինեձօնը Կազմակերպութեամբ՝ Իրանահայ, Պոլսահայ Եւ Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեանց

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ իրանահայերու «Այնթապլեան» մշակութային շքեղ կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Սարգի Մուրատեանի հեղինակած երգերու երգարանին գինեձօնի հանդիսութիւնը:
Այս առիթով, կազմակերպիչ յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ այդ երեկոյ անգամ մը եւս հրապարակաւ մեծարելու եւ ժողովուրդի գնահատանքին, անխառն սիրոյն եւ յարգանքին արժանացնելու այս պատուական արուեստագէտը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ երգին, երաժշտութեան, հայ խօսքին, հայ հեռատեսիլին, հայ ֆիլմարուեստին եւ հայ թատրոնին:
Հանդիսավարին՝ մեծանուն արուեստագիտուհի Նունէ Աւետիսեանի բացման եւ ողջոյնի ջերմ խօսքէն ետք, Արփի Այնթապլեան շատ գեղեցիկ կատարումով երգեց Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգները:
Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան գիրը կարդաց Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, որմէ ետք տէր հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց Ս. Մուրատեանին, որուն հեռատեսիլի ժամէն տէր հայրը քրիստոնէական պատգամներ կու տար, մաղթելով մեծարեալին առողջութիւն եւ ամենայն բարիք:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գաղութիս իրանահայերու, պոլսահայերու եւ Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան կողմէ, որոնց ներկայացուցիչները՝ Հրանդ Աւանէսեան, տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ եւ Խաչիկ Ճանոյեան ողջոյնի ու բարի գալուստի ջերմ խօսքերով դիմաւորեցին ներկաները: Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ տոքթ. Մարալ Անճարկոլեան յուշատախտակ մը յանձնեց մեծարեալին:
Իր պատուաբեր ներկայութեամբ ձեռնարկը կը հովանաւորէր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, որ իր պաշտօնավարման առաջին շրջանին (25 տարի առաջ), ծանօթ էր եւ գործակցած էր Սարգի Մուրատեանի հետ, բազմիցս իր հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալով: Գլխաւոր հիւպատոսը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին, որ իր արուեստով, հեռատեսիլի ժամով եւ գրականութեամբ հայրենասիրական ոգի տարածած է մեր գաղութին մէջ:
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Մաշտոց քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ սրտի ջերմ եւ խորիմաստ իր ելոյթէն ետք Պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչում շնորհեց մեծարեալ Սարգի Մուրատեանին, անոր՝ հայ արուեստին, գիր ու գրականութեան եւ հայ հեռատեսիլին մատուցած մեծ վաստակին համար:
Իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ հայրենի ծանօթ արուեստագէտ Մարգարիտ Դերանց, որ մեղրահամ հայերէնով վեր առաւ մեծարեալին բազմերես ծառայութիւնները հայ մշակոյթի հարստացման ի խնդիր: Մարգարիտ Դերանց իր եւ ներկաներուն անունով մեծապէս գնահատեց ու շնորհաւորեց մեծարեալը:
Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան շուրջ 60 տարիէ ի վեր ծանօթ է Սարգի Մուրատեանին եւ գործած է անոր հետ: Ան քանի մը դրուագներ պատմելով՝ յիշեց եւ գնահատեց Սարգի Մուրատեանը, հանգուցեալի տիկնոջ, Քեթի Մուրատեանը՝ իրենց յատուկ ծառայութեանց համար: Օշին Քէշիշեան Սարգի Մուրատեանի Armenian Teletime-ի կայանէն առաւել քան 200 անգամներ ելոյթ ունեցած է, յատկապէս հայկական եւ ամերիկեան լուրեր տալով:
Իսկ Հայաստանի 1988ի երկրաշարժէն քանի մը օր ետք, Օշին Քէշիշեան, դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եւ Թոմիկ Ալեքսանեան Սփիւռքի առաջին թելեթոնը կազմակերպեցին՝ ի նպաստ հայրենի աղէտահար ժողովուրդին:
Ապա, իրենց մէկը միւսէն գեղեցիկ երգերով ներկաներուն ջերմ ծափերուն արժանացան Լոս Անճելըսի հայութեան պարծանքը հանդիսացող Ռազմիկ Մանսուրեան, Մըստըր X, Յարութ Յակոբեան եւ Արփի Այնթապլեան:
Նմանապէս, պաստառէն հնչեցուցած իրենց գեղեցիկ երգերով ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան Մանուէլ Մէնէնկիչեան եւ Սարգի Մուրատեանի զաւակները՝ Կեվըն Ճորճ, Արա եւ Սթիվ, որոնք երկրաշարժի օրերուն Հայաստան մեկնեցան եւ բարեսիրական ելոյթներ ունեցան երկրաշարժէն տուժած բազմակարօտ ժողովուրդին:
Վերջաւորութեան, ներկաները մեծագոյն հաճոյքով լսեցին Սարգի Մուրատեանի հեղինակած երգերու երգարանի հրատարակիչ, հայրենի գրող եւ մտաւորական Մարթին Շիրինեանի խիստ շահեկան ելոյթը: Հեղինակը խօսեցաւ գիրքին պատրաստութեան շուրջ մէկ տարի տեւած աշխատանքին մասին, եւ թէ այս երգարանը պատրաստելով՝ ինք աւելի սիրած, յարգած եւ գնահատած է այս երգերուն հեղինակը:
Այս երգարանը կ՛ընդգրկէ ազգային-հայրենասիրական, քնարական եւ էսդրատային երգերու շարք մը, որ արդէն ձայնասկաւառակի վրայ դրուած են:
Այս երգարանը տպուած է Սարգիս Մուրատեանի զաւակներուն նիւթական միջոցներով, իսկ ներփակուած սկաւառակին ծախսերը հոգացած է Սարգի Մուրատեանի քոյրը՝ տէր եւ տիկին Սենօ եւ Ռայնա Մուսալի:
Սարգի Մուրատեանի խիստ յուզիչ եւ ծիծաղաշարժ խօսքերով վերջ գտաւ այս իրապէս յիշարժան ձեռնարկը:
Ժողովուրդը շուրջ չորս ժամ անձանձրոյթ հետեւեցաւ յայտագիրին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երգարանի գինեձօնի արարողութիւնը:
Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ կազմակերպիչ երեք միութեանց կողմէ ճոխ հիւրասիրութիւն մը:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այդ օրուան մեծարեալին եղած արժանի եւ իրաւ գնահատանքին համար: Կը գնահատենք նաեւ այս ձեռնարկը կազմակերպած հայրենակցական երեք միութեանց՝ Իրանահայ, Պոլսահայ եւ Իրաքահայ ընտանեկան միութեանց պատասխանատուները: