Պրազիլի Փառատօնին Ներկայացուած Է Հայաստանի Հազարամեայ Մշակոյթն Ու Պատմութիւնը

Սամպայի աւանդական եւ կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկը` Սան Փաուլօ քաղաքի «Rosas de Ouro»-ն (Ոսկէ վարդեր), մարտ 2-ին կայացած Պրազիլի աւանդական փառատօնի ծիրէն ներս բեմադրած է Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները նկարագրող շքերթ` «Viva Hayastan» խորագրով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, փառատօնի ընթացքին 5 առանձին թեմաներու միջոցով ներկայացուած է հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը, մշակոյթը, անդրադարձ  կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, Պրազիլի հայկական համայնքին ու հայ-պրազիլական յարաբերութիւններուն:

Փառատօնին մասնակցած է նաեւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը:

Աւելցնենք, որ «Rosas de Ouro»-ի պատուիրակութիւնը 2018 թուականի հոկտեմբեր 26-ին հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ:

 

Scroll Up