Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի Հովուական Այցը Պուլկարիոյ Հայոց Թեմ

Փետրուար 16-ին, Ռումանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի լիազօր ներկայացուցիչ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, Վառնայի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նժդեհ քահանայ Քեշիշեանի եւ տեղի ծխական խորհուրդի հրաւէրով, հովուական այցով մեկնեցաւ Պուլկարիա` հանդիսապետելու Վառնայի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնները:

Փետրուար 16-ին, ձեռամբ Սրբազան Հօր Վառնայի «Սուրբ Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքի նորակառոյց դռներու օծում, այնուհետեւ` դպրական ձեռնադրութիւն: Յաւարտ ձեռնադրութեան` Սրբազան Հայրը Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով կատարեց երիտասարդներու օրհնութեան կարգ` բաշխելով աստուածային օրհնութիւնները եւ իր հայրական պատգամը բերելով երիտասարդներուն: Նոյն օրը, Տաթեւ Սրբազանի ձեռամբ եւ բազում հաւատացեալներու ներկայութեամբ, կատարուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու նուիրուած սրբապատկերի օծում:

Փետրուար 17-ին, Վառնայի հայոց «Սուրբ Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով մատուցուեցաւ տօնական եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յընթացս Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանի եւ Սուրբ Սեղանի մասունքակիր խաչերու օծում` ձեռամբ գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի: Սուրբ Սեղանի քանդակագործ հեղինակն է հանրածանօթ Արտակ Համբարձումեան: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր սպասարկեցին` Վառնայի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տ. Նժդեհ քհն. Քեշիշեան, Ռուսէի հոգեւոր հովիւ` արժանապատիւ Տ. Տիրայր քհն. Հատաւեան, ինչպէս նաեւ Ռուսէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասը եւ Վառնայի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ներկայ էին Վառնայի քաղաքապետ` տիար Իւան Պորտնիխը, Վառնայի «Մլատոստ» վարչական շրջանի ղեկավար` տիար Խրիստօ Խրիստովը, Պուլկարիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Վառնայի մետրոպոլիտութեան ներկայացուցիչը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնական անձիք: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրն ընդգծեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բացառիկ դերն ու մեծ առաքելութիւնը ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիկական պահպանման գործին մէջ` նշելով, որ Հայոց եկեղեցին բոլոր ժամանակներուն կեանքի ու մահուան կռիւ  մղած է հայրենիքն ու հայ ազգը պահպանելու համար` հաւատքի շնորհիւ մշտապէս զօրացնելով ազգի ոգին: Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դերն ու օժանդակութիւնը սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայրենիքէն հեռու հայու հաւատքը, ոգին ու ինքնութիւնը պահելու եւ պահպանելու գործին:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ սրբապատկերներու փոխանակում` բարձրաստիճան հոգեւորական հիւրին եւ հիւրընկալներուն միջեւ, այնուհետեւ օրհնուեցաւ աւանդական մատաղը եւ բաշխուեցաւ ներկաներուն:

Ռումանիոյ Հայոց Թեմի մամլոյ դիւան

Scroll Up