Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ը պիտի գլխաւորեն համանախագահներ Անի Ստեփանով եւ Կարէն Խուրշուդեան

Նոր Յառաջ- Շաբաթ, Փետրուար 9-ին Մարսիլիոյ մէջ կը գումարուէր Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի Հարաւային շրջանի բաժանմունքի Ընդհանուր ժողովը: Նախ, գանձապետ Գլօտ Ղազարեանի եւ պաշտօնաւարտ նախագահուհի Օռոր Պռիւնայի ներկայացուցած՝ 2018-ի ելմտական եւ բարոյական հաշուեկշիռները հաստատուած են անդամ 35 ընկերակցութիւններու կողմէ:
Ապա, նախաձեռնուած է վարչական խորհուրդի վերանորոգման. ընտրուած են 27 ընկերակցութիւններ: Ընդհանուր ժողովը հաստատած է նաեւ այսուհետեւ համանախագահական դրութեան անցնելու որոշումը: Այսպէս, Ընդհանուր ժողովը Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ի համանախագահ ընտրած է Անի Ստեփանովը (Փէն Միրապոյի Հայ մշակոյթի ընկերակցութիւն – ACA) եւ Կարէն Խուրշուդեանը (Աբովեան վարժարան): Իսկ փոխնախագահ ընտրուած են Օռոր Պռիւնա (Հ.Բ.Ը.Մ.), Ազատ Պալալաս-Գազանճեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ժիւլիէն Հարունեան (JAF): Գլօտ Ղազարեան վերընտրուած ըլլալով՝ կը պահպանէ գանձապահի պաշտօնը
Scroll Up