Դոկտ. Միհրան Աղպապեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը 13 Փետրուարին գուժեց մահը դոկտ. Միհրան Աղպապեանի, որ համահիմնադիրներէն մէկն է համալսարանին եւ հանդիսացած է անոր առաջին նախագահը։
Դոկտ. Աղպապեան ոչ միայն հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է համալսարանին հաստատման աշխատանքներուն մէջ, այլ նաեւ յատկանշական աշխատանք տարած է Հայաստանին օգնելու գծով, յատկապէս 1988ի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք:
Դոկտ. Աղպապեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, «Cal Tech» եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն եւ համաշխարհային ճանաչում ունի երկրաշարժի ճարտարագիտութեան մարզին մէջ: Ան արժանացած է «Էլիս Այլընտ» շքանշանին եւ նախկին ատենապետն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) ճարտարագիտութեան բաժանմունքի կաճառին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչական խորհուրդին: