Զուիցերիոյ Մէջ Ժընեւահայութիւնը Ապրեցաւ Թումանեանական Խանդավառ Եւ Անմոռանալի Գրական Երեկոյ Մը

Շաբաթ, 9 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայկական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գրական մշակութային երեկոյ, որ մեծ բանաստեղծին ի պատիւ յոբելենական անդրանիկ միջոցառումը կը համարուի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին այս տարուան մէջ:
Հանդիսութեան՝ որ կազմակերպուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Զուիցերիոյ մասնաճիւղին կողմէ՝ ներկայ գտնուեցան երէց, միջին ու երիտասարդ տարիքի, տարբեր սերունդներու պատկանող պատկառելի թիւ մը ժընեւահայերու՝ ժամանած Լօզանէն եւ այլ քաղաքներէ եւ որոնց մէջ աչքառու թիւ մը կը կազմէին յատկապէս նախկին լիբանանահայեր, պոլսահայեր, սուրիահայեր, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի այլ քաղաքներէ այստեղ երկար ժամանակէ հանգրուանած հայրենակիցներ:
Տարիներու իր վաստակով ու ազգային-մշակութային գործունէութեամբ ծանօթ, Թ.Մ.Մ. «Հայկաշէն Ուզունեան» Գրական Մրցանակի (հիմնուած 1966-ին, Հայկաշէն Ուզունեանի կողմէ) յանձնաժողովի նախագահ, այլեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղի ժրաջան ատենապետ Տիկին Թալին Ուզունեան-Աւագեան ոչ մէկ ջանք խնայած էր համախմբելու զուիցերիահայութիւնը գրական սոյն երեկոյին, ուր այս առիթով կազմակերպիչ միութեան կողմէ բանախօսելու համար հրաւիրուած էր Լիբանանի «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսի խմբագրապետ, հրապարակախօս, բանաստեղծ Յակոբ Տիւնեայեան (Ասպետ Ռուբինեան՝ գրական անունով) , իսկ Պոլիսէն՝ հանրածանօթ արուեստագիտուհի, Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի», պոլսահայ «Ժպիտ» պատանեկան ամսաթերթը սրբագրողն ու վերամշակողը, թերթին պատասխանատու խմբագիր եւ տնօրէն Սիլվա Կոմիկեան: Միւս կողմէ, յատկապէս իրենց ներկայութեամբ յոբելենական սոյն հանդիսութիւնը պատուեցին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բարեջան հայր սուրբը՝ Գուսան վրդ. Ալճանեանը, սփիւռքահայ ծանօթ բանաստեղծ եւ քերթողագիրքերու («Մկրատի Շեղբին Վրայ», «Անկշռելին», «Բողբոջին Կայծը», եւայլն) հեղինակ Յակոբ (Ժաք) Սարգիսեան, պոլսահայ նախկին անուանի ազգային դէմքերէն Մկրտիչ Շելլեֆեանի (այժմ հանգուցեալ) որդին՝ զուիցերիահայ ազգային հասարակական կարկառուն գործիչներէն Արտէն Շելլեֆեան եւ ազգային մշակութային այլ երեւելի դէմքեր:
Յայտագրին սկիզբը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն Տիկին Զելա Եսայեան-Պայրամեան բեմ հրաւիրելէ առաջ նախ կենսագրական տողերով հանգամանօրէն ներկայացուց Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի»ն՝ Տիկին Սիլվա Կոմիկեանը, որ Ա. մասով, շուրջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի չափածոյ եւ արձակ ստեղծագործութիւններէն գոհար կտորներ, մեսմերացնելով ակնդիրները: Արտասանուած կտորները ընդգրկեցին «Թմբկաբերդի Առումը» (Նախերգանքը), «Հին Օրհնութիւն»ը, «Եթէ Մի Օր Անոյշ Ընկեր»ը, «Ախթամար»ը, «Երկու Հայր»ը՝ Տ. Սարգիսի եւ Խրիմեան Հայրիկի միջեւ կայացած տխուր հանդիպումը, Վարդանանց հերոսամարտէն դրուագի մը ներկայացումը Թիֆլիսի մէջ, Պետրոս Ադամեանի հետ, երբ վերջինը կը ներկայանայ Եղիշէի դերով: Կոմիկեան ասմունքը սկսելէ առաջ ներկաներուն լուսաբանութիւն կու տար ներկայացուելիք կտորներուն մասին: Թումանեանի բաժինը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ան Ա. մասի վերջին բաժինով ասմունքեց «Հող Հայրենի»ն Սիլվա Կապուտիկեանի, որուն ծննդեան 100-ամեակն է այս տարի՝ Գէորգ Էմինի եւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի առընթեր:
Այնուհետեւ Զելա Եսայեան-Պայրամեան այս անգամ բեմ հրաւիրելէ առաջ հիւր բանախօս Յակոբ Տիւնեայեանը՝ ներկայացուց վերջինին կենսագրական գիծերն ու գրական ստեղծագործական անցած ճանապարհը: Տիւնեայեան նախ շնորհակալութիւն, երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղի վարչութեան եւ ատենապետուհի Տիկին Թալին Ուզունեան-Աւագեանին՝ ոչ միայն հրաւէրին, այլ՝ Յովհաննէս Թումանեան գրական տիտանը ներկայացնելու պատիւը իրեն վստահուելուն համար:
Հիւր բանախօսը՝ որ թէեւ գրաւոր պատրաստած էր իր խօսքը, շուրջ 45 վայրկեան գրեթէ բանաւոր ներկայացուց Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին գրական բեղուն կեանքը: Ան իր ամրակուռ տպաւորութիւնները յայտնելով այստեղ պատմութիւն կերտած զուիցերիահայ համայնքին մասին ըսաւ, որ այս հողէն անցած են մեր մեծանուն գրողներէն շատերը՝ Սիամանթօն, Կոմիտասը, Ռուբէն Սեւակը, Աւետիք Իսահակեանը, Ռեթէոս Պէրպէրեանը, Առանձարը եւ շատ ուրիշներ: Ան ըսաւ, որ անհնար է սեղմ ժամանակի մը մէջ ներկայացնել Թումանեանի նման հսկայ մը, անոր բազմաժանր ու բազմաշերտ գրական ժառանգութիւնը, սակայն կարելին պիտի ընէ իր բանախօսութեան մէջ ընդգրկելու՝ բանաստեղծութենէն բացի՝ հանճարեղ բանաստեղծին քառեակները, լեգենդները կամ առասպելները, գեղօնները (բալլադները), հեքիաթները, առակները, մանկական բանաստեղծութիւնները, գրաքննադատական էջերը, չափածոյ երգիծագրութիւնները, պոէմները, որոնց անգերազանցելի վարպետն է Թումանեան մեր մէջ: Տիւնեայեան անդրադարձաւ, թէ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն ինչպէ՛ս Թումանեան ոգի ի բռին աշխատեցաւ ապաստան շնորհել դէպի Կովկաս հասնող թրքահայ գաղթական իր հայրենակիցներուն՝ բուռն կերպով ընդդիմանալով յատենի Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որուն երեսն ի վեր գոչած էր. «Եթէ դուն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ես, ես ալ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծն եմ»: Հիւր բանախօսը նշելով որ Թումանեան նախապէս արդէն արժանացած էր «Ամենայն Հայոց Թամատա» տիտղոսին ալ, ընդգծեց անոր հեքիաթագիրի տաղանդը եւ երկար մէջբերում կատարելով շեշտը դրաւ մեծ գրողին «Քէֆ Անողին Քէֆ Չի Պակսիլ» հեքիաթին վրայ, որ ուսանելի, դաստիարակիչ եւ այժմէական նիւթ մ’ըլլալով, մարդկութեան կը պատգամէ Բարիին հզօր կամքով Չարը տապալելու եւ յաղթանակը բարձրացնելու անխուսափելի անհրաժեշտութեան վրայ, ո՛չ սուրով ու կրակով, այլ՝ մարդկայնութեամբ, արդարութեան եւ ուրախութեան տարածումով՝ զանոնք կապելով յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս այսօրուան արիւնալի բախումներուն եւ Հռոմի Ս. Քահանայապետին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւերու միջեւ վերջինին հողերուն վրայ վերջերս կնքուած «Խաղաղութեան, կրօններու միջեւ եղբայրութեան, համերաշխութեան յուշագիրին», ընդգծելով նաեւ, որ Զուիցերիան՝ միշտ հիւրընկալելով միջազգային խաղաղութեան բազում խորհրդաժողովներ՝ տուած է եւ դեռ կու տայ փաստը իր մարդկայնական, արդարախօս վարքագիծին: Ան աւելցուց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ, այս տարի ներառնուած են նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակները: Շարունակելով իր բանախօսութիւնը, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահան Տէրեանի հետ Յովհաննէս Թումանեան արեւելահայ քերթողութեան եռագագաթ մեծերէն մին հանդիսանալու առընթեր, Տիւնեայեան ընդգծեց որ Թումանեան սակայն կը զատորոշուի միւս երկուքէն՝ իբրեւ «խոնարհ հանճար, համեստ մեծութիւն», որ բոլոր խաւերուն սէրն ու համակրանքը շահելով «ապրեցաւ իր ժողովուրդին սիրտին ու ներաշխարհին մէջ ամէն րոպէ եւ ամէն ժամ, մինչեւ 54 տարեկան իր անժամանակ մահը, 23 Մարտ 1923»: Ան ըսաւ, որ հանճարեղ բանաստեղծը ուզած է հաստատել, թէ վերջինը կը սերի Մամիկոնեան ազնուական տոհմէն եւ ընտանիքը վաղուց հաստատուած էր Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղը: Թումանեան իր «Ինքնակենսագրութիւն» գործին մէջ գրած է. «Իմ հայրը, տէր Թադէոսը, Դսեղ գիւղի քահանան էր: Ամենալաւ եւ ամենամեծ բանը, որ ես ունեցել եմ իմ կեանքում, այդ եղել է իմ հայրը: Ազնիւ մարդ էր եւ ազնուական՝ բառի բովանդակ մտքով: Չափազանց մարդասէր ու առատաձեռն, առակախօս ու զուարճաբան…: Իսկ մայրս՝ Սոնան, բոլորովին ուրիշ մարդ էր: Նա չէր կարող համբերել հօրս անփոյթ ու շռայլող բնաւորութեանը, եւ գրեթէ մշտական վէճի մէջ էին այդ երկու հոգին…»: Բանախօսը ներկայացնելով Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն» քերթուածէն հատուածներ՝ ըսաւ, որ ապագայ մեծ պոէտը խօսած է իր ծնողաց, գիւղական վարք ու բարքի եւ իր մանկութեան տարիներու, Դսեղ գիւղի երեւելիներու, պապերու օրհնաբեր կեանքի, անոնց բարեմաղթանքներու մասին, որոնց ինք ալ կը պատասխանէ ցաւով ու վիշտով.-
… Խաղաղութի՜ւն ձեզ, մեր անբա՛խտ պապեր,
Ձեզ տանջող ցաւը մե՛զ էլ է պատել:
Այժըմ, տըխրութեան թէ քէֆի ժամին,
Մենք էլ՝ օրհնելիս մեր զաւակներին՝
Ձեր խօսքն ենք ասում. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք…»:
Անդրադառնալով ապագայ պոէտին շատ կանուխ տարիքէն ոտանաւորներ գրելու տաղանդին, բանախօսը յիշեցուց Ջալալօղլիի մէջ Տիգրան Տէր Դաւթեանի հիմնած երկսեռ վարժարանէն ներս հազիւ 12 տարեկանին Յովհաննէս Թումանեանի գրած ոտանաւորը՝ ձօնուած անոր դասընկերուհիին, յայտնելով որ կանուխէն ալ՝ 19 տարեկանին, Օլգա անուն հայուհիի մը հետ ամուսնական կեանք կնքած Թումանեան (ունեցաւ չորս մանչ եւ վեց աղջիկ զաւակներ) դժբախտ եղաւ, երբ իր երկու որդիները՝ Արտաւազդն ու Համլիկը զոհ գացին 30-ականներու ստալինեան մահակուլ հալածանքներուն…: Տիւնեայեան արագ անդրադարձներ կատարելով Թումանեանի գրական բազմակողմանի տաղանդին, ընթերցեց 17 տարեկանին պոէտին գրած չափածոյ երախայրքը՝ «Շունն Ու Կատուն», որ «մինչեւ այսօր ալ կը կռուին…», որուն ընդմէջէն յստակ կը ցոլայ պատանի Թումանեանի հանճարը՝ ժողովրդական պարզ լեզուով գրուած եւ իմաստութիւն աւշայորդող, ժողովուրդէն սիրուած ըլլալու եւ յառաջապահ գրողներէն մին ըլլալու իրողութիւնը: Բանախօսը հպանցիկ յիշեց «Սասունցի Դաւիթը», «Անոյշ»ը, առանց հասցնելու շեշտուած կերպով խօսելու անոնց մասին՝ ժամանակի սղութեան պատճառով, նշելով որ Թումանեանի օտար հեղինակներէ թարգմանական բերքը բաւական ծանր կը կշռէ: Ան արագ անդրադարձ կատարելով նաեւ մեծ գրողին գրաքննադատական էջերուն եւ այս կալուածէն ներս անոր մեծ ներդրումին՝ ներկայացուց քանի մը տող, առնուած անոր «Գրականութեանը Ազգային Պաշտպանութիւն Պէտք Է Լինի» արձակ էջը. «… Հայ ժողովուրդը պէտք է պարզ հասկանայ ու տէր դառնայ իր ամենանուիրական ստացուածքին, իր ազգային հանճարին… Գրականութիւն ունենալու համար ժողովուրդները պէտք է ոչինչ չխնայեն, եւ նոյնիսկ պաշտպանելու դէպքում էլ լաւ իմանան, որ իրենց պահածներից ու պաշտպանածներից տասնից մինն է միջակ գրող դուրս գալու, հարիւրից մինը՝ տաղանդաւոր, եւ հազարից մինը՝ հանճարեղ: Այո՛, կարելի է տաղանդներ ու հանճարներ ունենալ, բայց ունենալու համար պէտք է գնահատել ու պաշտպանել, իսկ գնահատել ու պաշպանել արդէն վաղուց ասուած է, կը նշանակի՝ ստեղծել»:
Յիշատակելով նաեւ որ ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի Կոմիտաս Վարդապետի՝ որ 1907-ին համերգային շրջապտոյտով գտնուած է Զուիցերիա, ե՛ւ Երուանդ Օտեանի եւ Լեւոն Շանթի, բանախօսը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մեր ժողովուրդի քաղաքական այրերը չխնայե՛ն նիւթականը՝ փակելով մեծավաստակ վարժարաններ ու գիտական կեդրոններ յատկապէս Սփիւռքի մէջ, չօրօրեն ժողովուրդը ամուլ ու սին համաժողովներով՝ անոր փարթամ ճաշասեղաններ ցուցադրելով դէս ու դէն, մինչ հայ գրական-մշակութային կեանքը աւելի կը հիւծի, կը նօսրանայ թիւը գրական մշակութային գործիչներու…: Վերջապէս բանախօսը ուրախութիւն յայտնելով որ զուիցերիահայ համայնքը կը հանդիսանայ առաջինը՝ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը փառաւոր շուքով նշող, իր խօսքը աւարտեց յիշելով անմահ բանաստեղծին նուիրուած եւ Գուսան Զաքարեանի յօրինումով մեկնաբանուած ու ժողովրդականութիւն գտած հետեւեալ երգին տողերը. «Շա՜տ դարեր կ’ապրես, Անմեռ յաւիտեան, Երգի մեծ վարպետ, Անմահ Թումանեան…»:
Բանախօսութենէն ետք, հանդիսավար Զելա Եսայեան-Պայրամեան հրաւիրեց զուիցերիահայ համայնքի շատ երիտասարդ եւ տաղանդաւոր ջութակահարուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը, որ նուագեց Կոմիտասէն, Արամ Խաչատրեանէն գեղեցիկ ու գոհար կտորներ, ինչպէս՝ «Կռունկ»ը, «Ծիրանի Ծառ»ը եւ այլ հոգեգրաւ երաժշտական կտորներ, ի՛նք իսկ ապրեցա՛ւ ու ապրեցո՛ւց, առինքնե՛ց ներկաները, զանոնք ոգեզինեց հայկականութեա՛մբ, խլելով անոնց ծափահարութիւնները:
Ապա կրկին հրաւիրուեցաւ Հայ «Ասմունքի Իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեանը, որ յաջորդաբար ասմունքեց պոլսահայ գրողներու ստեղծագործութիւններէն՝ Օննիկ Ֆըչըճեանէն, Անդան Էօզէրէն, Վարդ-Շիկահերէն, Իգնա Սարըասլանէն, սփիւռքահայ գրող Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» գիրքէն «Կաղանդ» խորագրեալ արձակ կտորը, ապա կրկին պոլսահայ գրողներու՝ Զարեհ Խրախունիի, Զահրատի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի ստեղծագործութիւններէն, յայտագիրը փակելով Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծական կտորի արտասանութեամբ, խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտ:
Հոգեպարար հանդիսութեան աւարտին ներկաները շնորհաւորեցին յայտագրին մասնակիցները եւ երկարատեւ զրոյց ունեցան անոնց հետ:
Յոյժ շահեկան եւ շնորհաւորելի սոյն ձեռնարկին յաջոդ օրը, Սիլվա Կոմիկեան եւ Յակոբ Տիւնեայեան ներկայ գտնուեցան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին, ուր եկեղեցւոյ հայր սուրբը՝ Տ. Գուսան վրդ. Ալճանեան իր քարոզին մէջ երկար անդրադարձաւ օր մը առաջ տեղի ունեցած եւ Թումանեանին նուիրուած հանդիսութեան, հոն արտասանուած խօսքերուն: Հայր սուրբը ընդգծեց Թումանեանի գրականութեան մէջ իմաստնութեամբ, խոհեմութեամբ եւ շրջահայեացութեամբ դրսեւորուող Բարիին յաղթանակը Չարին դէմ եւ կոչ ըրաւ հաւատացեալ ժողովուրդին դասեր քաղելու Յովհաննէս Թումանեանի առակներէն ու հեքիաթներէն, պատգամներէն, ամբողջ ողջ գրականութենէն: Կարծէք երկրորդ անգամ նո՛յն հնչեղութեամբ բարձրացան Թումանեանական պատգամները՝ Կիրակի, 10 Փետրուարին, երբ ներկաները վերջաւորութեան շրջապատելով պոլսահայ ու լիբանանահայ հիւրերը, անգամ մը եւս զանոնք շնորհաւորեցին:
Երկուշաբթի, 11 Փետրուար յետմիջօրէի ժամ 2:30-ին, միշտ առաջնորդութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Տիկին Թալին Ուզունեան-Աւագեանի, հիւրերը այցելութիւն տուին զուիցերիացի ֆրանսագիր բանաստեղծ եւ հմուտ թարգմանիչ, 88-ամեայ Վահէ Գոդէլին՝ անոր բնակարանը: Երկու օր առաջ, բանաստեղծը կազմակերպիչ միութենէն կանխաւ ներողամտութիւն հայցած էր՝ իր անհանգստութեան պատճառով Թումանեանի նուիրուած հանդիսութեան ներկայ չգտնուելու համար, միեւնոյն ատեն խնդրելով որ «զինք բացակայ չդնեն»: Ուրեմն, Վահէ Գոդէլին տրուած այցելութիւնը կրկնակի շնորհակալական ու երախտագիտական բնոյթ կը կրէր:
16 Օգոստոս 1931-ին Ժընեւ ծնած ապագայ բանաստեղծը իր գրական-թարգմանական ուղին բացած էր 20 տարեկանին, երբ սկսած է ձեռնարկել Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» հատորի թարգմանութեան, «սաստիկ եռանդով եւ քիչմը ձախաւեր փորձով»՝ ինչպէս կը հաստատէ նոյնինքն Վահէ Գոդէլ, որ հիւրերուն հետ զրոյցի ընթացքին իր խոր հիացքը յայտնեց հայ գրականութեան դասական մեծերուն նկատմամբ, թարգմանելով Թումանեանէն, Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Մեծարենցէն, Սիամանթոյէն, Իսահակեանէն, Պարոյր Սեւակէն, Սիլվա Կապուտիկեանէն, Նարեկացիէն, Ֆրիկէն, Ն. Քուչակէն եւ բազմաթիւ հայ գրողներէ գրական երկեր: Գոդէլ՝ որ առաջին անգամ Հայաստան այցելած էր 1969-ի ամրան, ըսաւ որ «շնորհիւ բանաստեղծութեան կրցած է անցնիլ «երկաթէ վարագոյր»էն ու հասնիլ Երեւան»: Ան յիշեցուց անցած Դեկտեմբերին Հայաստանի Ա. Տիկին Աննա Յակոբեանի Ժընեւ կատարած այցելութիւնն ու անոր հետ իր ունեցած տեսակցութիւնը, խոր հիացում յայտնելով հայ ժողովուրդի ստեղծագործական հանճարին հանդէպ, որ դարէ դար կը շարունակուի անոր մշակութային եւ գրական կեանքի բարգաւաճումով, բարձր գնահատելով Հ.Բ.Ը.Մ.ի Զուիցերիոյ մասնաճիւղին նախաձեռնութիւնը՝ նշելու Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Տեղին է նշել, որ Վահէ Գոդէլ աւարտած է Ժընեւի համալսարանի պատմագիտական բաժանմունքը, 1955-ին: 1954-ին հրատարակած է իր երախայրիքը՝ «Խայթոցներ» գիրքը: Հեղինակ է աւելի քան երկտասնեակ մը բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս՝ «Մարդը՝ Մարդոց Մէջ», «Մասնաւոր Նշաններ», «Վառող Մոխիրներ», «Կտրած Ստուերներ», «Փոշիներ», «Հայկական Թուղթեր», «Իրողութիւն Եւ Շարժում», «Ոսկէ Ժամ», «Բնական Սահմաններ», «Ձայն Հայաստանի» եւ շատ այլ երկեր: «Հայաստան» պոէմը՝ որ գրուած է 1967-ին, նուիրուած է Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին: Ֆրանսերէնի թարգմանած եւ առանձին հատորներով լոյսի բարիքին ընծայած է Գրիգոր Նարեկացիի, Նահապետ Քուչակի եւ Դանիէլ Վարուժանի գործերը: Բազմաթիւ գրախօսականներ եւ յօդուածներ գրած է Հայաստանի ու հայ գրականութեան մասին: Գոդէլի հայերէնէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւններէն նմոյշներ ձայնասփռուած են զուիցերիական ռատիոկայաններէ: Վահէ Գոդէլ որդին է զուիցերիացի լեզուաբան եւ հայագէտ Ռոպէր Գոդէլի եւ բնիկ պոլսեցի հայուհի Մելինէ Փափազեանի: Եղբայրն է զուիցերիացի անուանի դերասան եւ բեմադրիչ Արմէն Գոդէլի:
Արդարեւ, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Վահէ Գոդէլէն բաժանումը այդ օր եղաւ յուզիչ, իրեն խոստանալով չուշանալ՝ կրկին հանդիպելու յոյսով:
Յիրաւի ժընեւեան օրագիրով Թումանեանական անմոռանալի օրեր, Թումանեանով յագեցած սիրայորդ ժամեր, որոնք երկա՜ր ու երկար պիտի յիշուին ու գրուին, պիտի ապրին ժընեւահայութեան յիշողութեան եւ սիրտերուն մէջ: