Չորս Հայ Ճանչցուած Են Ռուսաստանի Տարուայ Բժիշկներ

Յունուար 31-ին Մոսկուայի մէջ երկրորդ անգամ տեղի ունեցած է «Փայլուն բժշիկ-2019» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին պարգեւատրուած են Ռուսաստանի 15 լաւագոյն բժիշկները եւ առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով bloggmagazine.me կայք-էջին, կը յայտնէ, որ տարուայ գլխաւոր` «Փայլուն բժշիկ-2019» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուած է յայտնի բժիշկ Վարդան Խաչատրեան: Հայազգի բժիշկը յաղթած է նաեւ երկու այլ անուանակարգերու մէջ ` «Տարուայ վիրաբոյժ» եւ «Տարուայ պլոկըր»:
Բժիշկ Վարդան Խաչատրեան ճանչցուած կազմողական վիրաբոյժ է (plastic surgery) եւ առաջատարներէն է գեղագիտական (aesthetic) բժշկութեան բնագաւառին մէջ: Անոր հեղինակային նոր մեթոտներnւն մէջ ընդունուած են Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի առաջատար փորձագէտներու կողմէ: Վարդան Խաչատրեան նաեւ նոր էջ բացած է բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացման մէջ: