Մահացած Է Ֆրանսահայ Յայտնի Պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանը

86 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան, Սորպոնի համալսարանի եւ Ընկերային գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Անահիտ Տէր-Մինասեանը: Պատմաբանի ուսումնասիրութեան առարկան Հայաստանի, Հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնն էր:
Ազատ մտքի եւ աննկուն կամքի տէր Անահիտ Տէր-Մինասեան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է ֆրանսահայ հասարակական-քաղաքական կեանքէն ներս: Ան Հայկական ազատագրական պայքարի երեւելի դէմքերէն մէկուն` Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Գեղամ Տէր-Կարապետեանի թոռնուհին էր, ինչպէս նաեւ հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան երրորդ ռազմական նախարար, ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր- Մինասեանի որդիին` Լեւոն Տէր-Մինասեանի կինը: