Յունաստանի ՄԷջ Պիտի Նշեն Հայ Ժողովուրդի Յոյն Բարեկամ Եորղոս Սուրիսի Յիշատակը

Յոյն գրողներու միութիւնը եւ Հայ-յունական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը «Հայաստան» հասարակական մշակութային կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ կը կազմակերպեն յուշ-երեկոյ` նուիրուած հայ ժողովուրդի բարեկամ, յոյն անուանի բանաստեղծ, գրող Եորղոս Սուրիսի մահուան 100-րդ տարելիցին:

Բանաստեղծ եւ լրագրող Սուրիսը Աթէնքի մէջ 33 տարի հրատարակած է «ROMIOS» («Յոյնը») շաբաթաթերթը, ուր ան հրապարակած է շատ կարեւոր տուեալներ 1895-1896 թթ․ եւ 1909 թուականներու հայերու կոտորածներու մասին: 1900-ին Յունաստանի խորհրդարանը զինք Նոպելեան մրցանակի թեկնածու  առաջադրած է:

Երեկոն տեղի պիտի ունենայ 2019 -ի փետուար 15-ին, Յոյն գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ:

Աթէնք, «Հայաստան»  լրատու ցանց, 12 փետրուարի 2019:

Scroll Up