Պետութիւնը Ամբողջութեամբ Պիտի Փոխանցէ Չարորակ Հիւանդութիւններու Վիրահատական Բուժման Գումարը. Արսէն Թորոսեան

Չարորակ հիւանդութիւններու վիրահատական բուժման համար քաղաքացիները այսուհետեւ գումար պիտի չվճարեն: Նման վիրահատութիւններու համար շարք մը հիւանդանոցներուն մէջ պետութիւնը գումարը պիտի վճարէ ամբողջութեամբ: Յունուար 23-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ  յայտնեց ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Մենք այս տարի ունինք մօտ 700 միլիոն դրամի աճ  ուռուցքաբանական ծառայութիւններու համար, ատիկա աւելցած է անցեալ տարուան 1.1 միլիառ դրամին վրայ: Մենք քննարկումներէ ետք եկանք այն եզրակացթեան, որ պէտք է մեղմացնենք քաղաքացիներուն վրայ եղած բեռը, համավճարի մասին է խօսքը: Առաջ պետութիւնը ուռուցքաբանական վիրահատութեան համար կը վճարէր գումարին շատ քիչ մասը: Եւ տրամաբանական չէր ատիկա կոչել պետպատուէր: Հիմա որոշուած է, որ այդ գումարի մեծ մասը  պիտի ծախսուի համավճարը հանելու համար: Հիմա, եթէ կարիք ըլլայ ուռուցքաբանական վիրահատութեան այն բժշկական կեդրոններուն մէջ, որոնք կ’ունենան պետպատուէր, ապա վիրահատութեան համար քաղաքացին գումար պիտի չվճարէ»,-«Երկիր մեդիա»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Թորոսեան:

Ան շեշտած է, որ պետութիւնը պիտի փոխանցէ գումարը ամբողջութեամբ ու շուկայական գիներով: Նախարարը  կարեւոր համարեց նաեւ շուկայական գինով գումարի փոխանցումը:

Scroll Up