Փաշինեան Ոչ-Պաշտօնական Հանդիպում Ունեցաւ Ալիեւի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ ոչ-պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Մտքեր փոխանակեցինք բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակի եւ յետագայ քննարկումներու մասին: Հանդիպումը տեւեց մօտ ժամուկէս»,- գրած է վարչապետը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ: