Գոհաբանական Պաշտամունք Առ Աստուած Պէյրութի Մէջ

«Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած» (Փիլ. 2.16)
Հաւատք, նուիրում, խոնարհութիւն, ծառայութիւն, այս բոլորը մէկտեղուած նոյն անձին մէջ դժուար գտանելի երեւոյթ է, աւելին 42 տարուան անձնուրաց հովուական ծառայութեան ընթացքին, անշեղօրէն, անվարան, Տէրոջ խօսքին հաւատարիմ մնալ կ՝ենթադրէ տոկուն նկարագիր եւ անխախտ հաւատք: Այս տողերուն մէջ կարելի է ամփոփել Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի անցած կեանքի եւ հովուական ուղին:
Ծնած է Քեսապ, աւարտած Պէյրութի Աստուածաբանական ճեմարանը , իսկ Հայկազեան համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր Արուեստից վկայական Պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան իր հովուական ծառայութիւնը սկսած է Քեսապի մէջ, երեք տարի տեղւոյն եկեղեցիին ծառայելով : 1984-ին կը ձեռնադրուի հովիւ եւ 18 տարի կը ծառայէ Հալէպի Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցիին, նաեւ որպէս փոխ-համայնքապետ: 1996-ին ընտանեօք Պէյրութ կը փոխադրուին, ուր մինչեւ հանգստեան կոչուիլը կը ծառայէ Հայ Աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիին, կողքին ունենալով իրեն սատար կանգնող երէցկինը՝ Տիկ. Եսթերը:
Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի 42 տարուան ծառայութեան աւարտին, ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմնի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ Աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիի հոգաբարձութեան, Գոհաբանական Պաշտամունք Առ Աստուած տեղի ունեցաւ, Կիրակի, 13 Յունուար 2019, կ.ե. ժամը 6–ին եկեղեցւոյ մէջ:
Պաշտամունքը առաջնորդեց Տիար Ճան Սաղըրեան, Աստուածաշունչի ընթերցումն ու պատգամը փոխանցեց Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան: Ան նախ ընթերցեց Աստուածաշունչէն Սաղմոս 92.12-15 համարները եւ իւրաքանչիւր խօսքի վրայ կեդրոնանալով մեկնաբանեց Սաղմոսերգուին փառաբանական եւ շնորհակալական խօսքերը ուղղուած Տէրոջ:
Ան ըսաւ թէ, այս հատուածը միակն է որ գրուած է հանգիստի օրուան համար, մինչ միւս բոլորը աշխատանքի մասին են: Հոս շեշտը կը դրուի ամբարիշտին եւ արդարին վրայ: Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ: Սաղմոսերգուն ճիշդ երգը կ՝երգէ, ճիշդ ժամանակին եւ կ՝ուղղէ ճիշդ հասցէին:
Արդարը պիտի ծաղկի, արմաւենիին նման դէպի երկինք պիտի սլանայ, որպէս յաւիտենական կեանքի նշան: Պիտի ծաղկի, բայց յատկապէս իր պտուղները օգտակար պիտի ըլլան եւ ոչ միայն ծաղիկները: Անապատին մէջ զովութիւն եւ հանգիստ պիտի պարգեւեն: Իսկ եղեւիները կամ մայրիները ամուր հիմերու վրայ հաստատուած ապահովութիւն պիտի տան: Արդարները ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան: Արդարը կը մնայ միայն Տէրը, որ սէր ու շնորհ կը բաշխէ Իր թագաւորութեան մէջ: Իսկ մենք կը մնանք Անոր խոնարհ ու տկար ծառաները:
Պատգամաբերը անդրադառնալով Մատթէոս 12.15-21 համարներուն, մատնանշեց թէ Տէրը կ՝ըսէ.- «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս: » Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր պատգամը եզրափակելով, գնահատեց Վեր. Սողոմոնին եւ Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեաններու կատարած ծառայութիւնը:
Հայ Աւետ. Էշրեֆիէի Եկեղեցիի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Տիար Կարպիս Տէյիրմենճեան, որ դրուատեց Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի նուիրումը, յիշելով, որ քիչեր իրենց ծառայութեան աւարտին կը գնահատուին իրենց իսկ ապրած երկրին մէջ:
Ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Աւետարանական համայքի Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Վեր. Էտկար Թրապուլսի. Ան ըսաւ, թէ 21 տարեկանին էր որ այս եկեղեցիէն ներս մեկնարկած է հովուական ծառայութեան, իսկ այսօր կ՝ուզէ խորապէս շնորհաւորել Եկեղեցիի ընտանիքը որ գիտէ գնահատել երկարամեայ ծառայած իր հովիւը, հետեւելով տասը պատուիրաններէն՝ «Պատուէ հայրդ ու Մայրդ» պատուիրանին: Ապա Վերապատուելին աւելցուց շեշտելով թէ Վեր. Սողոմոնին ցանած հաւատքի սերմերը պտուղ պիտի տան հիմա եւ միշտ, որովհետեւ Աստուած չմոռնար Իր անուանը փառք բերողները:
ՄԱՀԱԵ Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանին, Տիկ. Եսթերին, զաւակներուն՝ Բալիկին եւ Շահանին տարբեր միջոցներով իրենց արտայայտած նուիրուածութեան եկեղեցիին եւ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ: Վեր. Մ. Գարակէօզեան ըսաւ, թէ տարիներու հովուական ծառայութեան, ժողովուրդի հոգեւոր հոգածութեան, եկեղեցիի առաջնորդութեան կողքին, Վեր. Ս. Քիլաղպեան ստանձնած է կազմակերպչական եւ Միութենական զանազան պարտականութիւններ: Ան եղած է Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ, տարբեր յանձնախումբերու մէջ գործած է հաւատարմութեամբ եւ անշահախնդրօրէն: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Եսթերին որ անսակարկ նուիրումով եւ հաւատքով նեցուկ եղաւ Վեր. Սողոմոնին Տէրոջը եկեղեցիի սահուն ընթացքը ապահովելու ջանքին մէջ, նաեւ զաւակներուն Բալիկին եւ Շահանին:
Պաշտամունքի ընթացքին Մինաս Ադամեան եւ Դալար Հայտօսթեան հոգեւոր երգերով յուզեցին ներկաները, իսկ Եկեղեցիի երգչախումբը, գլխաւորութեամբ տիար Ճան Սաղըրեանի երգեց օրուան պատշաճող »Մեծ Է Հաւատարմութիւնդ» հոգեւոր երգը:
Հայ Աւետ. Եկեղեցիի կողմէ, եկեղեցիի պրոնզէ մանրակերտը որպէս յիշատակի նուէր յանձնուեցաւ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանին:
Նուագախումբի անդամներն էին, Տիար Կարպիս Տէյիրմենճեան, Վեր. Նշան Պագալեան, Կարին Հայտօսթեան, Շահան Քիլաղպեան, Նարեկ Դաւիթեան, Արէն Տէյիրմենճեան:
Պաշտամունքը աւարտին հասաւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Առաքելական Օրհնութեամբ: Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան եւ Տիկ. Եսթեր շնորհաւորանքներ ընդունեցին յիշատակի սրահին մէջ պատշաճ հիւրասիրութեան կողքին:
Նախօրէին, Շաբաթ 12 Յունուար 2019, երեկոյեան 8-ին Մարաշի Հայրենակցական Միութեան Գերմանիկ սրահին մէջ հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին պատուուեցաւ Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանը: Հանդիսութիւնը վարեց Տիար Կարպիս Տէյիրմենճեանը, սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Հայ Աւետ. Էշրեֆիէի եկեղեցիի մէջ գործող տարբեր օղակներու առաջնորդները, որոնք յիշեցին Քիլաղպեան ամոլին ունեցած ներդրումը եկեղեցիի բարեզարդման եւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի աճման մէջ: Սուրիոյ Հայ Աւետ. համայնքի համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեր. Քիլաղպեանին յատկապէս Սուրիոյ մէջ մատուցած իր ծառայութիւններուն համար:
Օրուան գեղարուեստական բաժինը ճոխացուցին Կեդրոնական Բարձ. Վարժարանի աշակերտները, պարով, ասմունքով, իսկ եկեղեցիին նուագախումբը՝ նուագով եւ երգով:
Բծախնդրօրէն կազմակերպուած ընկերային հանդիպումը իր աւարտին հասաւ յատուկ կարկանդակի հատումով:
ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմին
15 Յունուար 2019