Թրքական Պետական Լրատուամիջոցը կը Շեշտէ, որ Անին Եղած է Հայոց Արքաներու Մայրաքաղաքը

Թրքական պետական լրատուամիջոցը կը շեշտէ, որ Անին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Անիկա, հայկական Անի անուան ձեւափոխուած, թրքացուած տարբերակն է, որ ստեղծուած է հայկական անուանումը օգտագործելէն խուսափելու նպատակով:
Հետաքրքրական է, որ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան՝ Անիի մասին յօդուածին մէջ կ՝օգտագործուի տեղանունին հայկական տարբերակը՝ Անի:
Յօդուածին սկիզբը կը շեշտուի, որ Անին 961-1045թթ. Բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակաշրջանին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։
Այնուամենայնիւ, ինչպէս նախապէս, Անին թուրքերու կողմէ կը ներկայացուի ո՛չ թէ հայկական, այլ՝ «ընդհանուր» պատմա-մշակութային արժէք, «տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան»։
Հրապարակման մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Թուրքիոյ համար Անիի աւերակներու ունեցած զբօսաշրջական նշանակութեան։ Արդէն գրեթէ տարուայ բոլոր եղանակներուն, թէ՛ ներքին զբօսաշրջութեան, եւ թէ՛ արտաքին զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն Անին կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ արձանագրելով այցելուներու շարունակական աճ։