Վահան Թէքէեանի 140-ամեակը Պիտի Նշուի Նաեւ Նիկոսիոյ Մէջ

Լիբանանի «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթի նախաձեռնութամբ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակը Պէյրութի մէջ 7 Ապրիլին եւ Երեւանի մէջ ալ 13 Հոկտեմբերին, իսկ վերջերս ալ Պոլսոյ մէջ Կեդրոնական վարժարանի Ուսուցչաց Հիմնարկին նախաձեռնութեամբ 14 Դեկտեմբերին հանդիսաւոր շուքով նշուելէ յետոյ, Նիկոսիոյ ՀԲԸՄ-ի Մշակութային միութիւնը եւս հանդիսաւոր շուքով 22 Դեկտեմբեր 2018-ին պիտի նշէ Հայ «Բանաստեղծութեան Իշխան»ի ծննդեան 140-ամեակը: Այս մասին «Հայերն այսօր»ին կը յայտնէ «Ծաղիկ»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Յակոբ Տիւնեայեան:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Նիկոսիոյ Մելգոնեան վարժարանի կից Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ակումբի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Այս կապակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Նիկոսիոյ Մշակութային միութիւնը Պէյրութէն Կիպրոս հրաւիրած է «Ծաղիկ»ի գլխաւոր խմբագիր, բանաստեղծ եւ գրական մշակութային գործիչ Յակոբ Տիւնեայեանը, իբրեւ օրուան բանախօս՝ ներկայացնելու արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան մեծագոյն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի գրական հարուստ ժառանգութիւնը:

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէ Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ եւ առաջնորդ Խորէն արքպ. Տողրամաճեան, որ նաեւ իր պատգամը պիտի յղէ ներկաներուն: Իր սիրտի խօսքը փոխանցելու համար Լոնտոնէն յատուկ այս առիթով Կիպրոս կը ժամանէ նաեւ Հայաստանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինի Պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեան: Հանդիսութեան ընթացքին պիտի գործադրուի օրուան խորհուրդը ցոլացնող գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Հրաւիրուած են ներկայ գտնուիլ փափաքողները:

Ինչպէս գրասէր հանրութիւնը գիտէ, Վահան Թէքէեան արեւմտահայ այն խոշորագոյն, մեծատաղանդ բանաստեղծներէն է, որ 1915-ի Մեծ Եղեռնին, իր գրչեղբայրներուն՝ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Թլկատինցիի, Երուխանի եւ շատ մտաւորականներու խողխողումէն ետք հրաշքով փրկուեցաւ, բայց իր սիրտին մէջ մինչեւ իր մահը կրեց մեր ժողովուրդին խոր ցաւը, անզուգական վարպետութեամբ երգեց Հայ լեզուն, հայ ժողովուրդի անցեալն ու յառեցաւ միշտ Հայաստանին՝ հայու վերջին բեկորի փրկութեան, հանդիսանալով սփիւռքահայ քերթողութեան կամրջողը, իր խոհափիլիսոփայական գրարուեստի յատուկ ոճով վարակելով ե՛ւ ներշնչելով սփիւռքահայ բազմաթիւ գրողներ՝ դառնալով գրական մեծ դպրոց սփիւռքահայ սերունդներուն համա

Scroll Up