Կը Շնորհաւորեմ Իմ Ընկեր Փաշինեանը Յաղթանակին Առիթով. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան  Դեկտեմբեր 10-ին շնորհաւորեց «Իմ Քայլը» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին անոր տարած յաղթանակին առիթով: Այս մասին Կարօ Փայլան  գրառում  կատարած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:

«Կ՛ըսէին, որ անոնք պիտի չհեռանան: Հայաստանի ժողովուրդը՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, նախ փողոցին մէջ իրականացուցած քաղաքացիական անհնազանդութեամբ, իսկ երէկ ալ՝ ընտրութիւններով, կրցաւ հեռացնել անոնց, որոնց մասին կ՛ըսէին պիտի չերթան: Մենատիրականութիւնը գերիշխող այս աշխարհին մէջ կը շնորհաւորեմ  իմ բարեկամս՝ Փաշինեանը եւ անոր գաղափարակից ընկերները այս հրաշալի յաղթանակին առիթով»:

Scroll Up