Հռոմի ՄԷջ Կը Տեղադրուի Յովհաննէս Թումանեանի Քանդակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/12/2023930.jpg)
Հռոմի ամենատեսարժան վայրերէն մէկուն` Պորկեզի այգիին մէջ, պիտի տեղադրուի հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի արձանը:
Այս մասին դեկտեմբեր 3-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման յայտնեց ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Տիգրան Գալստեան:
«Թումանեանը հայ մշակոյթը ներկայացնող մեծանուն գրող է, եւ շուտով պիտի նշուի անոր 150-ամեայ յոբելեանը»,- շեշտեց Գալստեան:
Անոր խօսքով` Պորկեզի այգին աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող վայրերէն է, ուստի, Թումանեանի այնտեղ տեղադրուող քանդակը չափազանց լաւ պէտք է ըլլայ:
Անդրադառնալով արձանի հեղինակի ընտրութեան` Գալստեան ըսաւ, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը դեռ պէտք է հասկնայ, թէ որքան գումար պիտի յատկացուի քանդակի ստեղծման, այնուհետեւ կը յայտարարուի մրցոյթ: «Ցանկալի է, որ հեղինակը հայ ըլլայ եւ ներկայացնէ մեր մշակութային ներուժը: Վստահ եմ, որ մենք ունինք լաւ քանդակագործներ»,- եզրափակեց ան: