Դամասկոսի Մէջ Համազգայինի 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Յիշատակում

Գանձասար- Համազգային « Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած Համազգայինի 90-ամեակի նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր, 2018 –ին «Ամինեան» սրահէն ներս: Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեան, Կաթողիկէ հայ Համայնքէն Գեր. Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ համազգայնականներու հոծ բազմութիւն մը:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ հանդիսութիւնը:
Վարչութեան խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըգլեան, որ ըսաւ.« Որքան ճանչնանք մեր մշակոյթը, այնքան աւելի կը սիրենք զայն ու կ՚անդրադառնանք անոր արժէքներուն։ Մեր մշակոյթը հարուստ է, գեղեցիկ եւ հաճելի, պէտք է գուրգուրանք ցուցաբերել անոր իբրեւ համամարդկային արժէք նաեւ, որ կը հարստացնէ համայն մարդկութեան մշակութային կեանքը։ Մշակոյթն է մեր ժողովուրդի գոյութեան հիմքը, իսկ Համազգայինը անոր ջատագովը եւ միջոց մը զայն պահելու, զարգացնելու ու տարածելու»:
Այնուհետեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը հրամցուեցաւ հանդիսականներուն։ Սէրլի Պրունսուզեան(ջութակ), ելոյթ ունեցաւ տպաւորիչ կատարումով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժանէթա Պրունսուզեանի:
Ազգային եւ ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ Մեղրի Պետիրեան-Ապաճեան եւ իր թովիչ ձայնով ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց, անոր դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Նարեկ Ապաճեան։ Ապա Ասպետ Քելխաչերեան ազգայնաշունչ երգերով ոգեւորեց ներկաները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի:
Տիկ. Ռուզան Բենդէզեան- Սեւերեկլեան հմայիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Գէորգ Էմինէն քերթուած մը:
Խումբ մը ազգագրական պարերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Լաթաքիոյ « Գեղարդ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Սուրէն Քիրազեանի։ Պարախումբը իր աշխոյժ ելոյթով յագուրդ տուաւ արուեստասէր հանդիսատեսին՝ արժանանալով անոր ջերմ ծափողջոյններուն:
Օրուան բանախօսն էր Եսայի Հաւաթեան, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Այնճարէն: Ան անդրադարձաւ Համազգայինի հիմնադրութեան եւ 90 տարիներու իրագործումներուն, դիտել տալով որ.« Մտաւորականներ՝ Լեւոն Շանթ, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ, որոնք Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու սերունդէն էին, քաջ կը գիտակցէին, որ հայ ժողովուրդը Սփիւռքի տարածքին կարիքը ունէր պահելու իր ազգային ինքնութիւնը՝ մշակոյթը, օտար մշակոյթներու խառնարանին մէջ։ Այդ հրամայականէն մեկնած անոնք ծնունդ տուին Համազգայինին, որուն առաքելութեան առանցքը եղաւ կառչած պահել հայ ժողովուրդը իր մշակոյթին ու հայրենիքին։ 90-ամեակէն անդին, մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացման հրամայականը, մանաւանդ համաշխարհայնացման շլացուցիչ երեւոյթները, որոնք իրենց յորձանուտին մէջ կը կլանեն նոր սերունդը, մեզ կը դնեն նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։ Հետեւաբար, մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է Համազգայինին՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ մանաւանդ ներգրաւելու երիտասարդութիւնը իր գործունէութեան մէջ, վստահութիւն եւ առիթ ընծայելով անոնց՝ գործելու ներկայ մարտահրաւէրներուն համահունչ»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միութեան 90-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումով եւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ մը:
Բարի երթ 90-ամեայ Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան, նորանոր նուաճումներու եւ վերելքի ակնկալութեամբ:
Թղթակից