«Հարսանիք Թիկունքում» Թատերախաղը Յուզեց Լիբանանահայ Թատերասէրները

«Ազդակ»- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» թատերական ներկայացումը, որ մեծ խանդավառութիւն եւ յուզում ստեղծեց լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան մօտ:

Յայտնենք, որ այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին պիտի ներկայացուին «Սիրոյ քեսթինկ», վաղը` շաբաթ, 10 նոյեմբերին «Երկնագոյն շան աչքերը» թատերախաղերը, իսկ կիրակի, 11 նոյեմբերին պիտի կրկնուի «Հարսանիք թիկունքում»-ը:

Scroll Up