Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Ամէն տարի կրթական վերամուտին յաջորդող առաջին մեծ ձեռնարկը Մեսրոպեանի մէջ նուիրուած կ’ըլլայ ազգային-եկեղեցական բացառիկ արժէք ներկայացնող Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, որուն առիթով կը մեծարուին հայ ժողովուրդի պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն՝ գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կատարած Ոսկեդարու մեր մեծ հայրերը:

Հոկտեմբեր 24-ին, նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, առանձնաբար կայացած երկու հաւաքներու ընթացքին` անհատական եւ խմբային երգերով, ասմունքով եւ թատերական պատկերով մը ոգեկոչեցին Սուրբ Մեսրոպի, Սուրբ Սահակի եւ անոնց գործակից աշակերտներուն յիշատակը: Բացման խօսքերու մէջ անոնք նշեցին, որ “զանազան փոթորիկներէ անցած հայ ժողովուրդին յենարանը դարձած մեր լեզուն հիացուցած է օտարները իր հարստութեամբ, ճկունութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, սակայն այսօր, որպէս հետեւանք տարբեր ազդակներու, հայոց լեզուն նահանջի մէջ է եւ հայկական մեր դիմագիծը լրջօրէն վտանգուած։ Ուրեմն, մեր` հայկական վարժարան յաճախող աշակերներուս պարտաւորութիւնն է կառչած մնալ մեր հաւատքին ու տէր կանգնիլ մեր լեզուին»։

Զոյգ հաւաքներուն խօսք առին գլխաւոր բանախօս Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Անոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն լաւապէս ճանչնալ Ոսկեդարու գրական, կրօնագիտական, իմաստասիրական եւ պատմաբանական ժառանգութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթի արժէքները, որոնք բովանդակութիւն կու տան հայու ինքնութեան եւ անոր կը շնորհեն իւրայատուկ տեղ մը՝ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Անոնք Սուրբ Թարգմանիչները ներկայացուցին որպէս աստուածասիրութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, ուսումնա- տենչութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան օրինակներ, յորդորելով հետեւիլ անոնց վարքին՝ յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին յառաջընթացին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up