Նիկոլ Փաշինեան Այցելած է Լիբանանի Հայկազեան Համալսարան

Լիբանան կատարած աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 21-ին, այցելած է Պէյրութի մէջ գործող հայկական կրթական եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոններ:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան նախ այցելած է Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի անդամներու եւ Հայկազեան համալսարանի դասախօսական կազմին եւ Պէյրութի հայկական դպրոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Հարցուպատասխանի ընթացքին քննարկուած են հայ-լիբանանեան համագործակցութեան, կրթութեան ոլորտէն ներս կապերու խորացման, հայկական ինքնութեան եւ մասնաւորապէս, հայոց լեզուի պահպանման վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու կողմէ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքը եւ այդ ծիրէն ներս ՀՀ համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ համագործակցութիւնը:
Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը շրջայց կատարած է Հայկազեան համալսարանէն ներս, ծանօթացած հայկական կրթօճախի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, նաեւ զրուցած ուսանողներու հետ: Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւոր համարած է Հայկազեան համալսարանի կողմէ հայագիտութան ոլորտէն ներս կատարուող աշխատանքը, իրականացուող ծրագիրները:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ գրութիւն ձգած է Հայկազեան համալսարանի Պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ: