Գնահատականի Արժանի Են Ձեր Ջանքերը` Ուղղուած Մեր Ժողովուրդի Համախմբման. ՀՀ Նախագահը Շնորհաւորած Է Արամ Ա.-ը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` ձեռնադրութեան եւ օծման 50 -ամեակին առթիւ: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ´ըսուի.

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ձեր հովուապետութեամբ կը շարունակէ բարոյական ու հոգեւոր ամուր յենարան, ոգեշնչող ու միաւորող ուժ մնալ մեր ժողովուրդին համար: Բարձր գնահատականի  արժանի են Ձեր անձնուիրական ջանքերը` ուղղուած մեր ժողովուրդի համախմբման, հայապահպանութեան, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման»:

Նախագահն Արամ Ա. կաթողիկոսին մաղթած է առողջութիւն, երկարակեցութիւն, անսպառ ուժ ու եռանդ` հայրապետական նուիրական առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:

 

 

Scroll Up