Հրանդ Տինքի Անունով Փողոց՝ Սթամպուլի Մէջ

Սթամպուլի քաղաքապետարանի աւագանիի նիստին որոշուած է հաշուի առնել բնակչութենէն ստացած բողոքներն ու առաջարկները եւ վերանուանել Սթամպուլի շարք մը փողոցներ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Սթամպուլի մէջ հրատարակուող «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի պատուին փողոց մը անուանակոչուած է Սթամպուլի Շիշլի շրջանին մէջ: Մեշրութիյէթ թաղամասի ներկայ Սամանէոլու փողոցը այսուհետեւ պիտի կոչուի Հրանդ Տինքի փողոց:

Յիշեցնենք, որ Տինքը սպաննուած էր 2007-ին թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասդի կողմէ՝ «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց:

Նշենք, որ Սթամպուլի փողոցներէն մէկն ալ անուանակոչուած է թրքական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Եաշար Քեմալի պատուին: Քիւրտ Եաշար Քեմալը մեծցած է Վանի մէջ: Անոր ջանքերով էր, որ 1950-ականներուն կանխուեցաւ Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ աւերումը:

Scroll Up