Իրանահայ Լրագրողուհին Իրանի Լաւագոյն Լրագրողներու Շարքին

Սեպտեմբեր 25-ին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ռատիօհեռուստատեսութեան կազմակերպութեան արտասահմանեան թողարկումներու տնօրինութեան կողմէ նախաձեռնուած էր իւրայատուկ ձեռնարկ` կազմակերպութեան տարածքին գտնուող «Համայեշ» կեդրոնին մէջ, որուն ընթացքին գնահատանքի արժանացան ռատիօհեռուստատեսութեան արտասահմանեան հեռուստատեսային եւ ռատիօհաղորդումներու քանի մը լրագրողներ: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ ձեռնարկը կազմակերպուած էր ռատիօհեռուստատեսութեան արտասահմանեան թողարկումներու  բաժինի լրագրող Մաիա Նասէրի նահատակուելու առաջին տարելիցին առիթով:

Մեծարուող լրագրողներէն էր «Ալիք» օրաթերթի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտասահմանեան թողարկումներու հայերէն ռատիօժամի լրագրող Կարինէ Դաւթեան, որ աւելի քան երկու տասնամեակ, կը   համագործակցի ռատիօհեռուստատեսութեան հայերէն ռատիօժամին հետ:

Գնահատուող լրագրողներու գնահատագիրները կը յանձնէին  Իրանի ռատիօհեռուստատեսութեան  գլխաւոր տնօրէն  Ապտոլալի Ալի Ասգարիի, Արտասահմանեան թողարկումներու տնօրէն Փէյման Ճէպելիի եւ Իրանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Սալահ Զաւզաւիի կողմէ:

 

 

Scroll Up