Պատմական Սեբաստիա Նահանգի Տարածքին Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերականգնուի
Այժմեան Թուրքիոյ Սիւաս (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի Կիւրին (այժմ` Գիւրուն) բնակավայրի հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի: Այս մասին՝ ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ յայտնած է Թուրքիոյ Շինարարական հետազօտութիւններու եւ յուշարձաններու վարչութեան Սիւասի ղեկավար Օնուր Եըլտաղ:
Ըստ անոր` վերանորոգման համար նախատեսուած 3 միլիոն 984 հազար թրքական լիրան արդէն փոխանցուած է եւ 10 օրուան ընթացքին վերանորոգման աշխատանքները պիտի սկսին:
Վերանորոգման աշխատանքներուն մասնակցելու համար անհատներ ալ յայտ ներկայացուցած են: Այդ առիթով Եըլտաղ յայտարարած է, որ իրենք անհատներու կողմէ դիմումները ընդունելէ եւ բաւարարելէ ետք անոնց դրամաշնորհ պիտի տրուի եւ իրենք պիտի հետեւին կատարուած աշխատանքներուն:
Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20-րդ դարու սկիզբը ունեցած է ընդհանուր առմամբ 3000 տուն բնակիչ, որմէ 1550-ը` հայեր: Հայերը այստեղ զբաղուած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ կար մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915-ին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան` տարագրուած եւ բնաջնջուած: