Աւստրալիոյ Մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ցուցահանդէս

Քանպերայի մէջ գործող Աւստրալիոյ ազգային համալսարանին մէջ կատարուեցաւ բացումը «Ժամանելու իրաւունք» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է ամբողջ աշխարհի փախստականներուն՝ սկսած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով գաղթածներէն, կը յայտնէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Ցուցահանդէսը պատրաստուած է դոկտոր Վանեսա Ակնիւի, դոկտոր Էգկեմեն Օզպեքի եւ Անեթ Ան-Ճեն Լիուի կողմէ: Անիկա կը ներառէ ցեղասպանութեան, փախուստի եւ ապաստանի այժմեան եւ վաղ շրջանի տեղեկագիրներ. երկրորդ տեսակի տեղեկագիրները կը վերաբերին նաեւ հայոց պատմութեան ամենամռայլ հատուածին, որ ներկայացուած է «Փախստականութեան գաղափարը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով հատուածին մէջ:
Անեթ Ան-Ճեն Լիու ցուցահանդէսին մասին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին պատրաստած «Ֆէյսբուք»ի տեսանիւթին մէջ պատմած է, որ յաջորդ ցուցադրութիւնը պիտի բացուի Գերմանիոյ մէջ, ապա՝ Պոլսոյ եւ պիտի վերադառնայ Աւստրալիա:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ