Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Առաջին Փառատօնը

Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կուժոն փողոցին մէջ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, նախորդ Կիրակի կայացաւ առաջին հայկական փառատօնը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Ֆրանսայի մէջ Մետիամաքսի թղթակիցը եւս մասնակցած է փառատօնին եւ զրուցած անոր կազմակերպիչներուն եւ հիւրերու հետ:
Փողոցին մէջ դադրեցուցած էին երթեւեկութիւնը, եկեղեցւոյ դիմաց տօնական տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն, տարբեր տաղաւարներ եւ, ի հարկէ, հայկական ուտեստներ: Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցւոյ դիմաց ռեհանի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք կատարուեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը` Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ’Օթստեղի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մակինաջեանի գլխաւորութեամբ:
Թեմի առաջնորդը պատմեց, որ նման փառատօն կազմակերպելու միտքը ինք յղացած է ընթրիքի մը ժամանակ: Երբ խօսած է իր այս նպատակի մասին, իր շրջապատին մէջ կարծած են թէ խօսքը ընդամէնը փոքր հիւրասիրութեան մասին է` «20 քեապապ-լաւաշով», բայց ան ըսած է, որ ինք մեծ ծաւալով ձեռնարկի մասին կը խօսի, խօսքը ոչ թէ 20, այլ` 2 հազար եւ աւելի հիւրի մասին է:
Սրբազանը ըսած է, որ այս փառատօնի իրագործմամբ ցանկացած է նաեւ հայ ժողովուրդի կերպարը ներկայացնել. «Օտար երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդին հիմնականօրէն Ցեղասպանութեան զոհերու հետ կը կապեն, ի հարկէ, մենք պէտք է խօսինք այդ մասին, բայց կ’ուզէի նաեւ, որ մեզի որպէս ուրախ ժողովուրդը ճանչնային, օտարները մեր երգն ու պարը տեսնէին, ծանօթանային մեր մշակոյթին: Եւ ուրախալի է, որ շատ օտարներ կան այսօր այստեղ:
«Դիւրին չէր այս ամէնը ընելը, պէտք էր ամբողջ փողոցի մը երթեւեկութիւնը կանգնեցնել, այն ալ այս «ոսկէ» թաղամասին մէջ: Այս ձեռնարկը իրականացաւ նաեւ մեր նուիրեալներու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ»,- նշեց հոգեւորականը:
Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ՛Օթստեղ յոյսով է, որ փառատօնը ամենամեայ դարձնել: «Հայ համայնքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար: Հայ ազգը աշխատասէր եւ կառուցող է, ես մեծ յարգանք կը տածեմ հայերու նկատմամբ եւ շատ հայ ընկերներ ունիմ: Եւ այսօր անոնց կողքին եմ որպէս այս թաղամասի ղեկավար այս միջոցառումը իրականացնելու, եւ ի հարկէ, այն ամենամեայ դարձնելու համարէ,-ըսած է ան:
Տիկին տ’Օթստեղը նաեւ նշած է, որ հայկական խոհանոցի երկրպագուն է: «Ես շատ հայ ընկերներ ունիմ եւ ծանօթ եմ հայ մշակոյթին, ես ալ կը ցանկանայի, որ անպայման հայկական մշակոյթը ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունենանք: Իսկ հայկական խոհանոցը շատ կը սիրեմ, տարբեր ճաշատեսակներ արդէն համտեսած եմ: Ի հարկէ, ֆրանսական խոհանոցը շատ հարուստ է, բայց միշտ ալ հետաքրքրական է այլ երկիրներու մշակոյթն եւ խոհանոցը ներկայացնել, այսպէս պիտի կարենանք միասին ապրիլ»,- նշած է պաշտօնեան: Օրուան աւարտին ներկաները դասական համերգ վայելեցին:
Փառատօնի պաշտօնական կազմակերպիչներն էին Ֆրանսայի հայոց թեմը եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը:
էլլատա Ղուկասեան
Լուսանկարները` հեղինակին