Ուիլեըմ Սարոյեանի Չհրատարակուած Թատրերգութեանց Ներկայացում Լոս Անճելըսի Մէջ

Ասպարէզ- Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններ առաջին անգամ ըլլալով պիտի բեմականացուին Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարան «Թէյփըր» թատերասրահին մէջ, Սեպտեմբեր 15ին։

Մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեան, որ համադրած է այս նախաձեռնութիւնը, նաեւ պիտի բեմադրէ «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին ներկայացումը։

Գույումճեան յատուկ արտօնութիւն ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն, հոն պահուող Սարոյեանի անտիպ թատրերգութիւնները ուսումնասիրելու եւ նշեալ ներկայացման համար օգտագործելու համար։

Ներկայացուելիք տեսարանները առնուած են «Հայկական Թատրերգութիւն (Կամ Օփերա)», Դէպի Տուն՝ Հայաստան», «Ուզենք Չուզենք Հայ Ենք» եւ այլ թատրերգութիւններէ եւ կ՛առընչուին ներգաղթողներու դիմագրաւած հարցերուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ հայրենք վերահաստատուելու կարելիութիւններուն։

Ներկայացումը մաս կը կազմէ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի «Էլ.Էյ. Մէյտ» (արտադրուած Լոս Անճելըսի մէջ) նախաձեռնութեան եւ համահովանաւորուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի կողմէ, որ Ուիլեըմ Սարոյեանի 110րդ տարեդարձին առիթով, 31 Օգոստոսին յատուկ ելոյթ մը պիտի ունենայ քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ եւ ներկայ պիտի ըլլայ ներկայացման։

Սարոյեանի 110րդ տարեդարձին նուիրուած այս ներկայացումը պիտի կրկնուի Ֆրեզնոյի, Օրենճ Քաունթիի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։

Սեպտեմբեր 15ի ներկայացումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին. սրահին դռները պիտի բացուին ներկայացումէն կէս ժամ առաջ։

Մուտքը ազատ է եւ կը յանձնարարուի կանուխ ժամանել, տեղ ապահովելու համար։

Սրահին հասցէն է՝ 630 W. 5th Street, Los Angeles, CA 90071։

Ուիլեըմ Սարոյեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հռչակ սկսած է շահելու 1930ականներուն եւ ստեղծագործական հարուստ կեանք մը ունեցած է մօտաւորապէս 5 տասնամեակներու ընթացքին։ Սարոյեան հեղինակն է բազմաթիւ կարճ պատմուածքներու, վէպերու, թատրերգութիւններեւ եւ յուշագրութիւններու։ Ան արժանացած է «Փուլիցըր» («The Time of Your Life» գործին համար) եւ «Օսքար» («The Human Comedy»ի բեմագրութեան համար) մրցանակներուն։

Արամ Գույումճեան, որ իբրեւ Մագիստրոսի վկայականի աւարտաճառ պատրաստած էր Սարոյեանի չհրատարակուած թատրերգութիւններուն նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը, «Էլի» մրցանակը շահած է թէ՛ բեմագրութեան («The Farewells») եւ թէ բեմադրութեան («Three Hotels») բաժանմունքներուն մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները բեմ բարձրացած են շարք մը քաղաքներու, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի մէջ։ Գույումճեանի նորագոյն արտադրութիւններէն են՝ «Հեփի Արմինիընզ»ը, իր կողմէ մենախօսութեան վերածուած Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ը եւ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նուիրուած բացօթեայ ներկայացումեր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Կրենտ» զբօսավայրին եւ Կլենտէյլի Կեդրոնական զբօսավայրին մէջ։

0000Saroyan Cast

Ներկայացման դերակատարները

Scroll Up